
ԱԹԵՆՔ.- Նէա Օրէսթիատայի հայ համայնքը իր մասնակցութիւնը բերաւ Օրէսթիատայի քաղաքապետարանի թանգարանի բացման առթիւ կատարուած հանդիսութեանց: Նորաբաց թանգարանը շնորհիւ Օրէսթիատահայ Անայիս Գասապեանի անձնական նուիրատուութեան, ունեցաւ հայկական բաժին մը, ուր տեղ գրաւեցին հայկական գաւառական ազգային տարազներ եւ խաչքար, որոնք մնայուն կերպով պիտի ցուցադրուին եւ պիտի շեշտեն տեղւոյն հայ համայնքի պատմութիւնը:
Տեղական հեռատեսիլի կայանը անդրադարձաւ թանգարանին մէջ հայկական բաժինի ստեղծման լուրին, ընդարձակ հաղորդումներով եւ տեղւոյն հայ համայնքի մասին եւս վաւերագրական ժապաւէն մը սփռելով:
Այս առթիւ, երկու օր շարունակ նոյն կայանէն անդրադարձներ կատարուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ մշակոյթի մասին վաւերագրական տարբեր նիւթերու ցուցադրումով:
Այս առթիւ նշենք, որ Օրէսթիատայի տեղական հեռատեսիլէն Ապրիլ 24ին եւ Ապրիլ 27ին, մէկ ժամուան հայկական պարերու յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, որ նուիրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան 96ամեակին:
Օրէսթիատայի տեղական թերթը լայն անդրադարձ ունեցած է թանգարանի եւ դպրոցի բացման արարողութիւններուն:
Թանգարանի համացանցային հասցէն է՝ www.musorest.gr: