
ԱՆԳԱՐԱ.- «Իրենց ինքնութիւնը թաքցնող, կամ այսպէս կոչուած՝ ծպտեալ հայերը, սկսած են աւելի համարձակ խօսելու իրենց ինքնութեան մասին», կը գրէ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը:
Նշելով, որ «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան գործընթացը պայմաններ կը ստեղծէ, որպէսզի ի յայտ գան իրենց ինքնութիւնը թաքցնող հայերը»՝ թրքական պարբերականը կը յիշէ Տիարպեքիրի հայերէն Կաֆուր Թուրքայի օրինակը:
Տիարպեքիրի սիւննի իսլամ հայերէն Կաֆուր Թուրքայ, որուն իսկական մականունը Օհանեան է, դաստիարակուած է իսլամական մշակոյթով:
«15 տարեկանիս գիտցած եմ իմ իսկական մականունիս մասին: Կ՛ապրիմ իբրեւ իսլամ, սակայն իմ անցեալն ու մշակոյթը չեմ ժխտեր: Կրօնը կարեւոր չէ, սակայն կ՛ուզեմ սորվիլ մեր լեզուն», կ՛ըսէ Օհանեան, աւելցնելով. «Հայկական ինքնութիւնը պէտք է միաւորել ոչ թէ կրօնի, այլ՝ արմատներու շուրջ»: