Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, թեմի նախորդ առաջնորդ՝ Վաչէ արք. Յովսէփեան Հինգշաբթի, Յունիս 16ի երեկոյեան, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց: Արարողութեան հանդիսապետեց առաջնորդը: Հիւրաբար ներկայ էին Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան եւ Լոս Անճելըսի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ եւ թեմի առաջնորդ Հոզէ արք. Կոմեզի ներկայացուցիչ՝ հայր Ալեքսի Սմիթ: Մասնակցեցան նաեւ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան եւ թեմի հոգեւորականները:
Քարոզէն առաջ, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, երգչախումբին կողմէ երգուած «Հրաշափառ» շարականի ընթացքին, դէպի խորան առաջնորդեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի կողմէ ղրկուած շնորհաւորական գիրը եւ ընթերցեց զայն:
Ապա առաջնորդը անդրադարձաւ Վաչէ սրբազանի երկարամեայ նուիրեալ ծառայութեան Գանատայի, Արեւելեան թեմէն ներս եւ յատկապէս իբրեւ 32 տարիներու առաջնորդը Արեւմտեան թեմին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Առ ի նշանաւորումն այս տօնական առիթին, Մայր տաճարի պատերէն մէկուն վրայ կ՛ամրագրենք յուշաքար մը՝ առ ի գնահատութիւն մեր բոլորի կողմէ ձեր նուիրումին եւ ծառայութեան»: Ապա անձամբ, հոգեւորականաց դասուն, թեմական խորհուրդի եւ համայն հաւատացեալներու անունով, իր սրտագին շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները յայտնեց եւ յայտարարեց, թէ Վաչէ արք. Յովսէփեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 60ամեակի առթիւ, թեմէն ներս հաստատուած էր հիմնադրամ մը, հոգեւորականներու պատրաստութեան համար:
Պատարագիչ Վաչէ արք. Յովսէփեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ աղօթքով կը նշէր իր քահանայական ձեռնադրութեան 60ամեակը: Ան ակնարկ մը նետեց Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ իր ուսանողական տարիներուն, ձեռնադրութեան, Սկովտիոյ մէջ իր համալսարանական ուսումնական շրջանին, Արեւելեան թեմին, Գանատայի եւ Արեւմտեան թեմէն ներս, իբրեւ առաջնորդ իր 32 տարիներու ծառայութեան: Ան անդրադարձաւ նաեւ իր ծնողներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն եւ հաւատացեալներուն ու ծանօթացուց անոնց, որոնք ներկայ էին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց յարգանքը մատուցանելու համար եկած էին մայր տաճար:
Այս առիթով, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչ եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօ իրենց յատուկ շնորհաւորականները ղրկած էին: Նաեւ, «Խաչատուրեան» երգչախումբի կողմէ՝ Յակոբ սրկ. Ծերունեան, Պոլսահայ միութեան անունով՝ տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան եւ «Հայրենիք» միութեան կողմէ՝ Յակոբ Պաշմաքեան յուշատախտակներ յանձնեցին Վաչէ սրբազանին: Իսկ հայր Ալէքսի Սմիթ, կաթոլիկ թեմի նախորդ առաջնորդ՝ կարտինալ Ռաճըր արք. Մահոնիի եւ ներկայ առաջնորդ՝ Հոզէ արք. Կոմեզի ջերմ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Վաչէ սրբազանին, շեշտելով միջեկեղեցական յարաբերութեանց մէջ իր ունեցած գնահատելի ծառայութիւնը:
Պատարագի աւարտին հաւատացեալներ իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին Վաչէ արք. Յովսէփեանին: Ապա, առաջնորդարանի «Փօլ Եղբայրներ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որ հովանաւորուած էր բարերար տէր եւ տիկին Անդրանիկ Զօրայեան ամոլին եւ պատրաստուած՝ առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ: