Կիրակի, Յունիս 26ին, երեկոյեան ժամը 6ին, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, տեղի պիտի ունենայ մեծարանքի հանդիսութիւն՝ նուիրուած դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի մշակութային-հոգեւոր 60 տարիներու ծառայութեան: Մուտքը ազատ է:
Դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի մշակութային-հոգեւոր 60 տարիներու ծառայութեան առթիւ, առաջնորդարանէն ներս կը հաստատուի հիմնադրամ մը՝ նոր հոգեւորականներու պատրաստութեան համար: