
Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանը 2011-2012 դպրոցական տարեշրջանը պիտի սկսի նոր տնօրէնի՝ Յովսէփ Ինճէճիքեանի առաջնորդութեամբ: Յովսէփ Ինճէճիքեան երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ հայ դպրոցին, եկեղեցիին ու հայեցի սերունդներու դաստիարակութեան՝ Պէյրութէն մինչեւ Քալիֆորնիա։
Ուսուցչական ասպարէզի իր փորձառութեան կողքին, ան իրեն հետ կը բերէ վարչական հարուստ փորձառութիւն, իբրեւ տնօրէն Պէյրութի Հայ աւետարանական «Թորոսեան» վարժարանի (1979-1988), Փասատինայի Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի (1990-2004) եւ Շըրմըն Օքսի Շ. եւ Է. Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանի (2004-2011)։ Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, այս հաստատութիւնները արձանագրած են ուսումնական վերելքներ եւ դպրոցական շէնքերու ընդարձակում։
Ինճէճիքեան վկայուած է Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանէն, ինչպէս նաեւ Սան Տիէկոյի «Նեշընըլ» համալսարանէն: Ան ունի նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգի ուսուցչական վկայագիր:
Վարժարանը 1980էն ի վեր կը ծառայէ քալիֆորնիահայ համայնքին՝ ջամբելով ոչ միայն ուսումնական բարձր մակարդակի գիտելիքներ, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն եւ քրիստոնէական կրթութիւն։ Աստուածավախ միջավայրի մէջ ջամբուած ազգային ու կրօնական ամուր հիմերու վրայ խարսխուած դաստիարակութիւնը, մեր նորահաս սերունդին մէջ կը կերտէ առողջ նկարագիր ու հզօր ինքնութիւն։ Վարժարանը վարկաւորուած է Վարժարաններու ու համալսարաններու արեւմտեան ընկերակցութեան (WASC), ինչպէս նաեւ Քրիստոնէական դպրոցներու միջազգային ընկերակցութեան (ACSI) կողմէ։
2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին։ Արձանագրութեան կամ որեւէ տեղեկութեան համար, կարելի է հեռաձայնել վարժարանի գրասենեակ՝ (626) 798-5020 թիւով: