ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Նկատի ունենալով, որ Շ. եւ Է. Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան իր եօթնամեայ շրջանէն ետք որոշած է ստանձնել «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի տնօրէնութիւնը, «Մերտինեան»ի հոգաբարձութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով ու յաջողութիւն մաղթելով տնօրէն Ինճէճիքեանին՝ անցած է նոր տնօրէնի մը փնտռտուքի աշխատանքին:
Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են, իրենց դիմումները պէտք է հասցէագրեն վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Վահէ Նալպանտեանին՝ 13330 Riverside Drive, Sherman Oaks, CA 91423 հասցէով: