
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Հինգշաբթի, Յունիս 9ին յայտարարած է. «Եթէ 1999ին մենք համախոհական կառավարութեան մաս կազմէինք, հաստատ պիտի պահանջէինք, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանը մահապատիժի ենթարկուէր»։
Էրտողան ըսած է, որ այդ շրջանին կախաղան հանուելու օրէնքը ի զօրու էր։ «Քանի օրէնքը կ՛արտօնէր, պէտք է, որ այդ որոշումը գործադրուէր։ Օրէնքի գործադրութեան յապաղումը պատճառ դարձաւ, որ ահաբեկչութեան շարժումի ղեկավարը փրկուի մահէն՝ այս կացութեան յանցանքը բեռցնելով Պահչելիի վրայ»։
Լրագրող մը նշած է, որ այդ օրերու Ամերիկայի նախագահ Պ. Քլինթըն, Քենիայի մէջ իր երկրի գաղտնի ոստիկանութեան ձերբակալել տուաւ եւ Թուրքիոյ յանձնեց Օչալանը, այն պայմանով, որ ան չսպաննուի։ Ամերիկա իր այդ պայմանը յայտարարեց բացորոշ կերպով։ «Ասիկա կը նշանակէ, որ Թուրքիա, իր ներքին քաղաքականութեան կռիւներուն մէջ, դուրսէն կատարուած ճնշումներու ենթակայ է. ի՞նչ կ՛ըսեք այս մասին», հարց տուած է լրագրողը։ Էրտողան այս արտայայտութեան դիմաց ըսած է. «Այդ շրջանին մեր նահատակներու ընտանիքները ակնկալութիւններ ունէին այդ ձերբակալութենէն. այդքան աժան գինով պէտք չէ ծախուէին այդ ակնկալութիւնները»։
«Քիւրտերը եղբայրներս են։ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը քիւրտերու ներկայացուցիչը չէ եւ յայտնի չէ, թէ ընդհանրապէս որո՞ւ ներկայացուցիչն է», աւելցուցած է ան՝ ակնարկելով Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ միակ քաղաքական կուսակցութեան։