
– Թրքական ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ անծանօթներ Պոլսոյ մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական գրասենեակներէն մէկուն վրայ ռումբ մը նետած են Ուրբաթ օր՝ Կիրակի, Յունիս 12ի խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին: Յարձակումին պատճառով, շէնքին մէջ հրդեհ ծագած է, ինչ որ նիւթական մեծ վնաս պատճառած է, սակայն մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած։
– Իսրայէլի ոստիկանութիւնը Ուրբաթ օր Աքսայի մզկիթի շրջափակը ներխուժելով՝ բախում ունեցաւ պաղեստինցի ցուցարարներու հետ, որոնք ոստիկանութեան վրայ քարեր նետեցին։