
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ճազի դաշնակահար Վարդան Յովսէփեանի գլխաւորած նուագախումբը՝ «Vardan Ovsepian Chamber En-semble»ը, Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Յունիս 10-11ին, երեկոյեան ժամը 9էն սկսեալ, ելոյթ պիտի ունենայ Փոքրիկ Թոքիոյ մէջ գտնուող «Blue Whale» սրահին մէջ (123 Astronaut E S Onizuka St. Suite 301, Los Angeles, CA 90012):
Պիտի հնչեն Կոմիտասի, Վարդան Յոսէփեանի, Մարիօ Լակինհայի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ յայտնի ու սիրուած մեղեդիներ: Նուագախումբի լոսանճելըսեան համերգներուն կը մասնակցին սրնգահար Տիգրան Առաքելեան, թաւջութակահար Արտիոմ Մանուկեան եւ այլք:
Տոմսերու սակը 10 տոլար է, իսկ յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել (213) 620-0908 թիւին: