(ՀՄԸՄի Ռազմավարական Ծրագրին Ներշնչումով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Իբրեւ արժէքներու միտող կազմակերպութիւն՝ ՀՄԸՄը կը գիտակցի, որ ազգային մակարդակի վրայ ինք պէտք է ունենայ իր սեփական սահմաններէն աւելի ընդգրկուն հայեցողութիւն մը. ՀՄԸՄը պէտք է գործէ

ազգային աւելի լայն ռազմավարական շահերու շրջագիծին մէջ…
ա.) Պաշտպանել հայ ժողովուրդին ազգային շահերը, հզօրացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ անկախ պետութիւն եւ պաշտպանել ժողովրդավարութեան հիմնարկաւորումը, օրէնքի իշխանութիւնը, ապահովել մարդոց ընկերային բարօրութիւնը եւ հաստատել ընկերային արդարութիւնը։
բ.) Հետապնդել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդար լուծումը եւ
գ.) Կազմակերպել/ամրապնդել Սփիւռքի հայկական գաղութները։
Այս շրջագիծին մէջ, հայկական իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ունի մասնայատուկ դեր մը, որ իրեն կու տայ շարք մը պատասխանատուութիւններ եւ որոշակի առանձնայատկութիւն, բայց այդ դերը փոխ–ներգործօն եւ փոխ–լրացուցիչ պէտք է ըլլայ հայկական այլ կազմակերպութեանց հետ։
ՀՄԸՄի Ռազմավարական Ծրագիր
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն կը տօնէ իր վերականգնման քսանամեակը։
Հակառակ վերանկախացման հետեւած սկզբնական այն մտավախութեանց, թէ հայոց ազատ եւ անկախ պետականութեան վերականգնումը պիտի կարենա՞յ դիմանալ ժամանակի քննութեան, այսօր արդէն ազգովին կրնանք հպարտանալ, որ կայացած եւ զարգացման իր ուղին գտած երկիր, ժողովուրդ ու պետութիւն է Հայաստանը։
Աւելի՛ն. իրողապէս ազատագրուած է արծուեբոյն Արցախը, որ իր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեամբ անշրջելի իր տեղը գրաւած է Հայոց Աշխարհի աշխարհասփիւռ քարտէսին վրայ, իբրեւ անբաժանելի մասն ու ազգային–պետական լրացուցիչ անօթը հայրենի մեր բնօրրանին։
Փաստօրէն, հայ ժողովուրդը ի վերջոյ վերագտած է բնականոն զարգացման իր ծանրութեան կեդրոնը։ Թէեւ տակաւին արդար ու վերջնական լուծումի կը սպասէ հայ ժողովուրդի Ազգահաւաքի ու Հողահաւաքի մեծ դատը, թէեւ աւելիով շեշտուած է հայութեան աշխարհասփիւռ քարտէսը՝ հայրենի բնօրրանէն եւ հայրենամերձ հայօճախներէն շարունակուող արտագաղթին հետեւանքով, այսուհանդերձ՝ արդէն մաս կը կազմենք մեծաթիւ սփիւռք ունեցող պետականատէր ազգերու ընտանիքին։ Նաեւ ու մանաւանդ՝ թրքական պետութեան եւ մեծապետական աշխարհին արդէն պահանջատէր ու իրաւատէր կը ներկայանանք ոչ միայն իբրեւ Հայասպանութենէն վերապրած աշխարհացրիւ հայութիւն, այլեւ՝ իբրեւ ազատ, անկախ եւ գերիշխան պետութիւն։
Քսանամեայ պետական անկախութիւնը ոչ միայն առարկայական պայմաններու, այլեւ ենթակայական գործօններու առումով՝ ահա՛ հիմնովին նոր հորիզոն բացած է հայ ժողովուրդին առջեւ։ Եւ աւելի քան բնական ու հասկնալի է, որ ազգովին կանգնած ենք համապատասխան աշխարհայեացքով ու ռազմավարութեամբ հետագայ մեր ուղին հունաւորելու մարտահրաւէրին առջեւ։
Խորքին մէջ մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէինք Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ օրերէն։ Եւ կը դիմագրաւէինք ազգովի՛ն, որովհետեւ ե՛ւ հայրենի հողի վրայ ապրող, ե՛ւ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած ողջ հայութիւնը յանկարծ դէմ յանդիման կանգնեցաւ ազգային ինքնահաստատման, ինքնակազմակերպման եւ զարգացման իր մտածողութիւնն ու տեսլականները, արժէքային իր համակարգն ու ռազմավարական ընտրանքները նորովի վերասահմանելու անխուսափելի հրամայականին։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ սկիզբէն իսկ ազգային գաղափարախօսութիւնը ջրբաժան գիծ հանդիսացաւ, յատկապէս հայրենի իրականութեան մէջ, հայ քաղաքական մտքի նորօրեայ թեւերուն միջեւ, աւանդական մեր կուսակցութիւններէն վերընձիւղուած ըլլան անոնք թէ նորայայտ ուժեր ներկայացնեն։
Նաեւ վերջին քսանամեակը վկայ, որ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, պետական քաղաքականութեան իր օրակարգին վրայ, առաջնահերթօրէն ունեցաւ Ազգային ռազմավարութեան սահմանումի, հիմնաւորումի, ծրագրումի եւ օրինագծման համալիր խնդիրը։ Որոշ ուղղութիւններով բաւական ճամբայ ալ կտրուած է, որովհետեւ ամենայն հայոց Պետական տունը դառնալու վճռորոշ առաջադրանքը աստիճանաբար կ՚ամրագրուի Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական ծրագրումներուն մէջ։
Բայց ինչպէս որ Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութիւնները եկան հաստատելու, ունինք ազգային հիմնահարցի տարողութեամբ ծանրակշիռ խնդիրներ, որոնք դեռ չեն գտած իրենց արժանի տեղն ու պատասխանը Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական կողմնորոշման ու ծրագրումներուն մէջ։
Այսպէ՛ս. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Կարսի պայմանագրով պարտադրուած պետական սահմանագիծի վերանայումը, Արեւմտահայաստանի նկատմամբ հայկական իրաւատիրութիւնը, թրքական բռնագրաւման տակ ապրող հայոց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը եւ, ոչ վերջինը, հայրենահան եղած ու ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդի ժառանգորդներուն իրաւանց վերականգնումը, իբրեւ պետական քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններ, իրենց արժանի տեղը եւ լուծման ուղիները դեռ գտած չեն Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ռազմավարութեան մէջ։
Իսկ ՀՀ իշխանութեանց բարձրագոյն դիրքէն այսօրինակ հիմնահարցերու նկատմամբ դրսեւորուած այսօրուան թէ նախորդ ՀՀ նախագահներու ռազմավարական մօտեցումները, բայց մանաւանդ առաջադրուած լուծումները, ընդհանրապէս սոսկ անմիջական՝ ընթացիկ ու պարագայական քաղաքականութենէ կը թելադրուին եւ չունին ծրագրուած՝ մնայուն ռազմավարութեան հիմք։
Խորքին մէջ կը դիմագրաւենք աւելի տարողունակ՝ նոյնինքն հայ ազգային արժէքային համակարգի ռազմավարական վերանայման եւ վերասահմանման մարտահրաւէրը։ Նոր ժամանակներու եւ նորաստեղծ պայմաններու համապատասխան ռազմավարական ծրագրումի կը կարօտին հայ ժողովուրդի ինքնակազմակերպման բոլոր բնագաւառները՝ սկսելով հայոց անկախ պետականութեան առանցքէն եւ տարածուելով դէպի մեր եկեղեցին ու հայ դպրոցը, հասարակական–քաղաքական թէ կրթական–մշակութային մեր կազմակերպութիւնները։
Մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին, աւելի շեշտակի սրութեամբ զգալի է արմատական վերանայումներու եւ ռազմավարական ծրագրումներու այս մարտահրաւէրը։ Որովհետեւ մինչ Հայաստանի վերանկախացումը արդէն երեւան եկած անհրաժեշտութիւններուն վրայ գումարուած են յետ Անկախութեան շրջանի նորայայտ խնդիրները։
«Հին» ու «նորակազմ» Սփիւռքներու, օտարախօս եւ հայախօս սերունդներու, «փակ» ու «բաց» հայկական համայնքներու, խառն ամուսնութեանց ու զտարիւն հայ ծնունդներու, «կեդրոնաձիգ» եւ «կեդրոնախոյս» կենսակերպերու, «աւանդապահ» ու «ազատամիտ» բարքերու եւ անոնց յարակից–լծորդ մտայնութիւններու եւ մօտեցումներու բարդ ու խայտաբղէտ – եւ յաճախ անհամատեղելի – ամբողջութիւն մը կը ներկայացնէ մերօրեայ Հայկական Սփիւռքը։ Այն աստիճան խայտաբղէտ ու անհամատեղելի, որ հայ քաղաքական մտքի որոշ հոսանքներ հարցականի տակ կ՛առնեն Սփիւռքի իրապէս «ԱՄԲՈՂæՈՒԹԻՒՆ» մը ներկայացնելու առարկայական հիմքն իսկ…
Անկասկա՛ծ «Ամբողջութիւն» է Սփիւռքը եւ, իբրեւ այդպիսին, իր կենսական տեղն ու կարեւորութիւնը ունի աւելի ընդգրկուն՝ հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ «ԱՄԲՈՂæՈՒԹԵԱՆ» մէջ։
Հարցը կը սկսի ճիշդ այս կէտէն՝ հայ ժողովուրդի խայտաբղէտ եւ անհամատեղելի ամբողջութիւնը համախմբող ու միաւորող Ազգային ռազմավարութիւնը գտնելու եւ նորովի սահմանելու մարտահրաւէրին մէջ։
Համազգային մեր կարեւորագոյն օրակարգն է հայ ժողովուրդի ինքնակազմակերպման եւ ինքնահաստատման Ռազմավարական ծրագրումը, որպէսզի ազգովին կարենանք մեր տեղը եւ դիրքերը ամրապնդել 21րդ դարու համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ, մանաւանդ՝ դիմագրաւել հոգեմտաւոր հարթեցման համայնակուլ գրոհը։
Ռազմավարական ծրագրումի անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած ենք ե՛ւ մեր պետականութեամբ, ե՛ւ մեր տարաբնոյթ կառոյցներով։
Իսկ ռազմավարական ծրագրումը իր նպատակին լիարժէք կը ծառայէ այն չափով, որքանով անոր մշակումին ու պատրաստութեան կը մասնակցին Ազգի եւ Հայրենիքի գալիքով տագնապող բոլոր ուժերն ու շրջանակները, ժողովրդավարական մասնակցութեան ազատ ու անկաշկանդ պայմաններու մէջ։
Այս առումով ուշագրաւ ներդրում մը իրագործեց համահայկական մեր կառոյցներէն ՀՄԸՄը՝ իր հիմնադրութեան 100ամեակին ընդառաջ մշակելով եւ յառաջիկայ աշնան իր Համահայկական պատգամաւորական ժողովի քննարկման ու հաստատման օրակարգին վրայ բերելով ՀՄԸՄի Ռազմավարական ծրագիր մը։
Իբրեւ հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներու ինքնակազմակերպման ծառայող ամէնէն կենսունակ համահայկական կառոյցներէն մէկը, ՀՄԸՄ ամբողջ երեք տարի շարժման մէջ դրաւ իր մտաւոր ու կազմակերպական աշխատանքի փորձ ունեցող ուժերը, որպէսզի Հայաստանի ու հայութեան նորօրեայ քարտէսին համապատասխան՝ ռազմավարական վերարժեւորման ենթարկէ իր ներկայ վիճակը եւ վաղուան ընելիքը։
Ուշագրաւը ա՛յն է, որ սեփական շարքերէն կտրուած շրջանակի մը չվերապահուեցաւ ՀՄԸՄի ռազմավարական ծրագրումի աշխատանքը։ Ընդհակառակն՝ անոր աշխատանքին մասնակից դարձան աշխարհի չորս ծագերուն գործող ՀՄԸՄականները, նախաձեռնող յանձնախումբէն դէպի շարքերը ուղղուած եւ շրջաններէն ու պարզ անդամներէն դէպի ղեկավարութիւն ուղղուած տեսակէտներու, արժեւորումներու եւ պատկերացումներու աշխոյժ փոխանակումով։ Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդն ու անոր նորահաս սերունդները յուզող ոչ մէկ հարց «թապու» նկատուեցաւ. նոյնպէս եւ իբրեւ լուծում առաջադրուած որեւէ տեսակէտ կամ առաջադրանք, որքան ալ անուղղափառ հնչէր, դուրս չպահուեցաւ ռազմավարական քննարկման ու ծրագրումի գաղափարական խմորումներէն։
ՀՄԸՄի օրինակը, անկասկած, բացառութիւն չէ։ Նոր ժամանակներու եւ պայմաններու համապատասխան ռազմավարական վերանայումի եւ ծրագրումի հրամայականը, արդէն քսան տարիէ ի վեր, ստացած է համազգային նշանակութիւն։ ՀՄԸՄի օրինակը կու գայ հաստատելու, որ հայ ժողովուրդի գալիքին նկատմամբ պատասխանատուութեան զգացումը անյետաձգելի կը դարձնէ համընդհանուր մարտահրաւէրին բոլոր ուժերով դիմագրաւումը։
Կ՛ապրինք արմատական փոփոխութիւններու դարաշրջան մը, որ հիմնական վերանայումի կ՛ենթարկէ ազգային արժէքներու համակարգերը։ Հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ քարտէսը բացառութիւն չի կազմեր, նոյնիսկ աւելիով կը շեշտէ մարտահրաւէրը։
Նոյնիսկ ուշացած ենք՝ Ազգի եւ Հայրենիքի վաղուան երթը ռազմավարական ծրագրումով աշխուժացնելու եւ յառաջ մղելու զօրաշարժին համար։