
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք, որ երկար տարիներէ ի վեր անմիջական կերպով կը մասնակցի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն, լեհական «Նովա Եուրոփա Վշոտնիա» թերթին յայտնած է, թէ կողմերը այսօր աւելի մօտ են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, քան տասը տարի առաջ։ Ան ըսած է, թէ այսօր կողմերուն համար արդէն յայտնի է՝ ի՞նչը անկարելի է, ուստի գործը հասած է դիրքորոշումներու մերձեցման։
Քասփըրչիք նշած է, որ այս տարիներուն ընթացքին մերժուած են կողմերուն կատարուած բոլոր առաջարկները, որոնց շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղը լայն ինքնավարութեամբ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ձգելու, Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանէն անջատելու եւ տարածքներու փոխանակման առաջարկները։
Ըստ անոր, ներկայիս, առաջին հերթին հարկ է նուազեցնել պատերազմի սպառնալիքը. «Այս հակամարտութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն համար ռումբի պէս բան մըն է, որ պիտի պայթի, եթէ անոնք սխալ քայլ առնեն։ Անոնք կրնան զրկուիլ իրենց պաշտօններէն, հետեւաբար՝ պէտք է զգոյշ ըլլան։ Ակնյայտ է, որ նախագահները կարելի եղածին չափ կը փորձեն խոհեմ շարժիլ։ Ատրպէյճանը նպաստաւոր դիրքի վրայ է, որովհետեւ ունի կազ եւ քարիւղ, որմէ մեծ շահեր կը ստանայ։ Անոր ռազմական ծախսերը աւելի մեծ են քան՝ Հայաստանի ամբողջ ամավարկը։ Իրենց կարգին, հայերը նշանակալիօրէն աւելի լաւ դիրքերու վրայ են՝ լեռներու մէջ, մինչդեռ ատրպէյճանցիները՝ դաշտերու մէջ», ըսած է Քասփըրչիք։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ մինչեւ այսօր ի՞նչ բանի կարելի եղած է հասնիլ՝ Քասփըրչիք ըսած է. «2004էն ի վեր, մենք կը շարժինք համաձայնագիրի ընդհանուր ծիր մշակելու ուղղութեամբ եւ այդ հարցին մէջ շատ բան ձեռք բերուած է։ Փոխհամաձայնեցուած առաջարկներուն մասին հրապարակաւ յայտարարած են Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու, նախագահները։ Անոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայ տարածքներու վերադարձին՝ բացառութեամբ Լաչինի միջանցքին, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը կապէ Հայաստանին, փախստականներու վերադարձին, վերադարձուած տարածքներուն, ինչպէս նաեւ երաշխիքներու տրամադրման՝ այն երկիրներուն կողմէ, որոնք ի վիճակի են զանոնք տրամադրել, այսինքն՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Ատկէ ետք, մինչեւ վերջնական համաձայնագիրի ստորագրումը, որ կրնայ տեղի ունենալ այդ տարածքին մէջ հանրաքուէ կատարելէ ետք, գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակի հարցը։ Յատուկ կարգավիճակը չի կրնար էապէս տարբեր ըլլալ այն կարգավիճակէն, զոր Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը ունի այսօր։ Այդ ժամանակ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ միջանկեալ այդ կազմաւորման միջազգային ճանաչումը։ Շրջագծային համաձայնագիրի որդեգրումէն ետք պիտի սկսին քննարկումները մանրամասնութիւններու շուրջ»։
Քասփըրչիք նշած է, որ տակաւին չյստակացուած շատ հարցեր կան. օրինակ, թէ ի՞նչ լայնք պէտք է ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանին կապող միջանցքը, կամ ո՞վ պէտք է վերահսկէ զայն, մինչեւ համաձայնագիրի ստորագրումը։ «Խնդիր է նաեւ հանրաքուէին հարցը. հայերը նկատի կ՛առնեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան 1989ի մարդահամարի արդիւնքները, երբ հայերուն թիւը այդտեղ երեք անգամով աւելի մեծ էր ատրպէյճանցիներու թիւէն։ Պաքուն, իր կարգին, կը վկայակոչէ սեփական սահմանադրութիւնը, որ կ՛ենթադրէ հանրաքուէի կայացումը ամբողջ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ։ Հանրաքուէի ճշգրիտ ժամկէտի մասին դեռ չի խօսուիր», ըսած է ան։
«Անոնք կրնան զրկուիլ իրենց պաշտօններէն,»
Ուրեմն, որպէս Նախագահ Սերճ Սարգսեան կրնայ զրկու՞իլ իր պաշտօնեն… . ահաւասիկ Լեւոն Տէր- Պետրոսեանի՝ «արեւմտեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ լայնօրէն շփուելու» (տես Աբօ Պողիկեանի «Անհանգստանալու Պատճառներ» նիւթը) առիթներուն ունեցած արթիւնքը- Սա, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ Է՛։