ՍՕՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Կիրակի Մայիս 1ը պատմական օր մըն էր «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանին համար. «Արարատ տան» շքեղ սրահին մէջ կը տօնախմբուէր սոյն կրթական հաստատութեան 31ամեակը։ Ներկայ էին ծնողներ, պաշտօնէութիւն, հոգաբարձութիւն, համակիրներ եւ հիւրեր։
Օրհնութեան աղօթքը կատարեց Էմմանուէլ Հայ ժողովական եկեղեցւոյ հովիւ, վեր. Վաչէ Էքմէքճեան։ Ապա բարեգալուստի խօսքը ուղղուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Կերի Ճըրճըրեանի կողմէ։
Օրուան հանդիսավարն էր Հիւս. Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց օրուան յայտագիրը՝ զուարթախօս եւ հաճելի մէջբերումներ կատարելով։ Ան փառք տուաւ, որ այս դպրոցը կը գոյատեւէ 31 տարիներէ ի վեր՝ ջամբելով հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն։
Վարժարանի աշակետները երգեցին ԱՄՆ եւ Հայասանի քայլերգները՝ ղեկավարութեամբ Արտաշէս Սինանեանի։ Ապա Վահէ Կարապետեան, ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին, խանդավառեց ներկաները հայկական ճոխ երգերով։
Օրուան պատգամաբերն էր Ալիս Պետրոսեան, որ Փասատինայի դպրոցներու ուսումնական բաժինի գլխաւոր վերահսկիչն է։ Ան յստակօրէն անդրադարձաւ մանուկներու դաստիարակութեան, ծնողներու եւ ուսուցիչներու դերերուն՝ կատարելով օգտակար թելադրանքներ՝ տիպար հայորդիներ ունենալու համար։
Վարժարանիս կրթական յանձնախումբի քարտուղար Վահագ Ակոճեան յիշեց դպրոցին ապահոված յաջողութիւնները, նաեւ աշակերտներու տարբեր մարզերու մէջ իրագործումները, որոնք արդիւնք են աշակերտ-ուսուցիչ-ծնողք միաձուլուած ջանքերուն։
Յատուկ գնահատանքի արժանացան եւ պարգեւատրուեցան ուսուցիչներ Սոնա Պատալեան եւ Ճեք Աղոյեան, որոնք 10 տարիներէ ի վեր ծառայած են վարժարանին, անսակարկ նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ։
Վահագ Ակոճեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն ուսուցիչներուն, որոնք դպրոցիս կրթական որակաւորման աշխատանքներուն մէջ իրենց ներդրումը կատարած էին։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ դպրոցիս աշակերտներուն կողմէ երկու խմբային երգերու կատարողութեամբ՝ ոգեւորելով ներկաները, որոնք ծափողջիւններով գնահատեցին փոքրիկներուն շրթներէն լսուած քաղցրիկ եւ հայաշունչ երգերը։
Հոգաբարձութեան փոխատենապետ Յովան Սարգիսեան խրախուսեց ներկաները, որ շարունակեն նեցուկ կանգնիլ «Սահակ-Մեսրոպ» դպրոցին, «որպէսզի կարենանք շարունակել մեր ազգանուէր աշխատանքը՝ յօգուտ մեր մատղաշ սերունդին», ըսաւ ան։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորներուն եւ բարերարներուն, որոնք միշտ սիրայօժար կերպով զօրավիգ կանգնած են մեր դպրոցի բարոյական եւ տնտեսական յաջողութիւններուն։
Վերջին բաժինով Արեւմտեան թեմի ներկայացուցիչ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան կարդաց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնաբեր մաղթանքները եւ նորանոր նուաճումներու իրականացման փափաքները։ Տէր հօր «Պահպանի»չով փակուեցաւ օրուան յայտագիրը։
Ներկաները վերադարձան՝ լիցքաւորուած հայկական շունչով, գնահատելով դպրոցին կատարած օգտաշատ առաքելութիւնը։
Բարի երթ՝ «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարան։ Շարունակէ՛ յարատեւել եւ յաղթահարել դժուարութիւնները, Աստուծոյ օգնութեամբ, կերտելու համար նոր սերունդներ, ըլլալու Սահակի եւ Մեսրոպի արժանաւոր ժառանգորդները։