
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Քարնեկի» հիմնադրամի աւագ վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ, «National Interest» պարբերականին մէջ անդրադառնալով «G8»ի («Մեծ Ութեակ») համաժողովէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆի նախագահներու համատեղ յայտարարութեան՝ զայն անուանած է հակամարտութեան վերաբերեալ վերջին տարիներուն եղած ամենակարեւոր միջազգային յայտարարութիւններէն մէկը:
Ըստ Թոմաս տը Վաալի, Մայիս 26ին երեք միջնորդ երկիրներու ղեկավարներու կողմէ եղած յայտարարութենէն պարզ դարձաւ, որ կը մօտենայ ճշմարտութեան պահը: «Յունիսի վերջաւորութեան, Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ՝ Ֆրանսայի եւ ԱՄՆի միջնորդներու աջակցութեամբ, վճռական քայլ պիտի կատարէ նախագահներ Ալիեւի եւ Սարգսեանի կողմէ արդէն հինգ տարիէ ի վեր քննարկուող Հիմնարար սկզբունքներու մասին փաստաթուղթի ընդունման ուղղութեամբ», կը գրէ տը Վաալ:
Վերլուծաբանին կարծիքով, համեմատելով Քոսովոյի՝ ԼՂ հակամարտութեան շատ աւելի քիչ ուշադրութիւն կը դարձուի, սակայն անիկա կ՛ընթանայ չափազանց զգայուն տարածաշրջանի մը մէջ:
«Եթէ կողմերէն մէկը որոշէ վերսկսիլ ռազմական գործողութիւններուն, եւ այդ կողմը պիտի ըլլայ 1991-1994ին հակամարտութեան մէջ պարտուած Ատրպէյճանը, ապա այդ քայլը աղէտալի հետեւանքներ պիտի բերէ»: Տը Վաալ կը շեշտէ, որ յատկապէս կոպիտ է ատրպեճանական կողմի հռետորականութիւնը:
Նշելով, որ ԼՂ հակամարտութեան շուրջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացը կախուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու քաղաքական կամքէն՝ վերլուծաբանը շեշտած է, որ օտարերկրեայ տէրութիւններուն կողմէ եւս պէտք է լուրջ մօտեցում ցուցաբերուի, եւ եթէ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը հաւանութեան չեն արժանանար պետութիւններուն կողմէ, ապա միջազգային հանրութիւնը պէտք է սատարէ նախագահներու վճռականութեան:
Եզրափակելով՝ տը Վաալ նշած է, թէ Քազանի հանդիպումը ցոյց պիտի տայ՝ արդեօք Կովկասի մէջ աւելցած է պատերազմի ծաւալմա՞ն, թէ խաղաղութեան հաստատման հաւանականութիւնը: