ՊՈԼԻՍ.- Ըստ թրքական «Թարաֆ» թերթին, Պոլսոյ Ս. Որդուոց Որոտման եկեղեցին, որ կը գտնուի Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի տարածքին մէջ գործող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ, այս տարուան Յունիսի 15ին պիտի վերաբացուի իբրեւ մշակոյթի կեդրոն:
Եկեղեցւոյ վերականգնման նախագիծի ղեկավար Գէորգ Օզքարագէօզ, «Թարաֆ»ին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Ասիկա խաղաղութեան նախագիծ է»:
Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները, որոնց համար նախատեսուած է ծախսել 1.5 միլիոն տոլար, սկսած են 6 ամիս առաջ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրամի եւ «Ստամբուլ 2010» գործակալութեան միջեւ կնքուած պայմանագիրին համաձայն:
Օսմանեան շրջանի պալատական ճարտարապետ Գրիգոր Պալեանի կողմէ 1828ին կառուցուած Ս. Որդուոց Որոտման եկեղեցին եղած է Երուսաղէմի հայոց նուիրապետական աթոռի ենթակայութեան ներքեւ: