«Տը Սթրէյթս Թայմզ» սինկափուրեան պարբերականը, միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Անիի եւ հոն տեղակայուած 800ամեայ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մասին պատմելով՝ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։
Թերթը, ըստ հայաստանեան աղբիւրներու, մասնաւորաբար կը գրէ հետեւեալը.
«Հին հայկական Բագրատունիներու մայրաքաղաք Անիի ցուրտ օդին մէջ զգալի է աշխարհաքաղաքական ձգտեալ վիճակի պաղ շունչը։ Քաղաքական ձգտեալ վիճակի առաջին վկաները ռազմական դիտակէտերն են, որոնք երկու կողմէ տեղակայուած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանագիծին վրայ։
«Տակաւին 1970ականներուն այս հատուածը ցուրտ պատերազմի գօտի էր, տեղւոյն բնակիչներուն կը սորվեցնէին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պաշտպանուիլ, երբ Խորհրդային Միութիւնը կամ ՆԱԹՕն սկսէին ռմբակոծել այս հարթավայրը։ Հակառակ ցուրտ պատերազմի աւարտին, հայ-թրքական յարաբերութիւնները չեն հարթուած։ Երկու երկիրներու միջեւ տարակարծութիւնները աւելի խորացան Ղարաբաղեան հարցի առնչութեամբ, երբ Թուրքիա, յանուն Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան՝ փակեց հայ-թրքական սահմանը»։
Անիի աւերակներու գեղեցկութիւնը նկարագրելով՝ պարբերականը կը նշէ, որ այս վայրը մեծապէս կը զանազանուի Պոլսոյ բարձր մինարէներէն ու Թուրքիոյ այլ զբօսավայրերէն։ «Որպէս Բագրատունիներու թագաւորութեան քաղաքական ու առեւտրական կեդրոն, Անին 10րդ դարուն 100 հազարէն աւելի բնակչութիւն ունէր։ Սակայն երկրաշարժներն ու ներխուժումները, որոնք դարեր շարունակ առկայ էին այստեղ, աւերակներու վերածեցին այս հրաշակերտ քաղաքը»։