
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- 2011ի Ատրպէյճանի պետական ամավարկի տուեալներուն համաձայն, երկրին ռազմական ամէնամեայ ծախսերը 50 միլիոն տոլարով պիտի աճին այս տարուան ընթացքին՝ հասնելով 1.8 միլիառ տոլարի:
Սակայն, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ռազմական յատուկ ծրագիրներու համար կը նախատեսուի ծախսել յաւելեալ 1.47 միլիառ տոլար, ապա ամբողջ 2011 տարուան ընթացքին ռազմական մարզին համար ծախսուած գումարը պիտի հասնի 3.27 միլիառ տոլարի: