
ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Մայիս 19ի գիշերը, արեւմտեան Թուրքիոյ Քիւթահիա շրջանի Սիմաւ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 5.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը, որ խուճապ ստեղծեց։ Սիմաւի ժողովուրդը փողոց խուժեց ու գիշերը նախընտրեց փողոցը անցընել։ Տասը վայրկեան ետք, 4.6 ուժգնութեամբ երկրորդ շարժում մը պատահեցաւ: Ցնցումները զգալի դարձան նաեւ Պոլսոյ, Պուրսայի, Անգարայի ու Եգէականի շրջանին մէջ։ Ըստ Ուրբաթ օրուան տուեալներուն, երկրաշարժին զոհ գացած է առնուազն երեք հոգի ու վիրաւորուած են մօտաւորապէս 100 ուրիշներ: Արձանագրուած են նաեւ նիւթական վնասներ: Քիւթահիոյ կուսակալը շտապ օգնութեան խմբակներ ղրկեց Սիմաւ՝ մասնակցելու համար փրկարար աշխատանքներու: