
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ, Մայիս 13ին տեղի ունեցաւ լրագրողներու հետ հանդիպում մը, որ նուիրուած էր «Յակոբ Յակոբեան. Հողեղէն Գոյների Երգը» ցուցահանդէսին:
«Ինձ համար անակնկալ էր եւ ուրախութիւն, որ իմ ստեղծագործութիւններն ընտրուել են՝ ներկայացուելու արուեստի այս կեդրոնում», ըսաւ Յ. Յակոբեան: Ցուցահանդէսը պիտի բացուի այսօր եւ պիտի շարունակուի երեք ամիս, մինչեւ Օգոստոս 14: Հոն ներկայացուած են հեղինակին 28 գեղանկարներ եւ տասը քանդակ: Յ. Յակոբեան նշեց, թէ ի սկզբանէ, ինք զբաղած է միայն նկարչութեամբ. միայն վերջին տարիներուն է, որ սկսած է նաեւ քանդակելու: «Եթէ ես 80 տարեկանում մահացած լինէի, չէի իմանայ՝ քանդակ անելն ինչ է: Հիմա 88 տարեկան եմ, ուրախ եմ, որ այսքան երկար ապրեցի եւ իմացայ», նշեց նկարիչը:
Յ. Յակոբեան նաեւ յայտնեց, որ կը նախընտրէ ոչ վառ գոյներ: «Այնքան շատ գոյն կայ աշխարհի վրայ. գոյնի ընտրութիւնն արուեստագէտի հոգեվիճակով է պայմանաւորուած: Եթէ հասկանայի իւրաքանչիւր գոյնի նշանակութիւնը, այդ դէպքում ընտրութիւն կ՛անէի», նշեց Յ. Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ թէեւ կը գնահատէ վառ եւ բազմազան գոյներով կտաւին շունչ տուողները, սակայն ինք «հողանկարի»չ է, եւ «շատ քիչ գոյներով կը խօսի»:
«Նկարչութիւնը տարիք չունի. 1000ամեակներ առաջ ստեղծուած կտաւներն այսօր էլ հաճոյքով են դիտւում», համոզուած է նկարիչը: Հայերը, ըստ անոր, արուեստագէտ ժողովուրդ են, եւ պատահական չէ, որ Մինասը ծնաւ մեր երկրին մէջ, ու անոր ծննդավայրը՝ æաջուռը, յայտնի դարձաւ նոյնինքն Մինասով:
«Արուեստի բոլոր ձեւերը մարդուց են ծնւում: Աստուած մարդուն այնպէս է ստեղծել, որ մարդն ի բնէ երաժիշտ է, գրող, նկարիչ… արուեստագէտ է, արուեստը կայ մարդու մէջ», ըսաւ Յ. Յակոբեան, որուն խօսքով, եթէ 50 տարին մէկ անգամ Սարեան մը կամ Կոմիտաս մը ծնի, անիկա մեծ ձեռքբերում է: