
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 4ին, «Շամլեան» վարժարանի աշակերտները 2440 տոլար նուիրեցին Ճափոնի երկրաշարժ-ծովաշարժի աղէտեալներուն՝ ՀՕՄի ճամբով:
Աշակերտնրը մինչեւ Մայիս 1 հաւաքած էին 1080 տոլար գումար մը, իսկ Մայիս 1ին, Կլենտէյլի մէջ գտնուող «Փրուտենշըլ ռիըլթի» ընկերութեան կանգառին մէջ կայացած «Կարաժ սէյլ»ի մը ընթացքին, անոնք կրցան գոյացնել 680 տոլար գումար մը: Նշեալ ընկերութեան սեփականատէրերու ու «Շամլեան» վարժարանի ծնողներէն տէր եւ տիկին Ռիք եւ Ժիւլիէթ Բոնիատի, այդ գումարը կրկնապատկելով՝ հասցուցին 1360 տոլարի, նուիատուութեան ընդհանուր գումարը հասցնելով 2440 տոլարի:
Նշեալ գումարը Չորեքշաբթի օր յանձնուեցաւ ՀՕՄի շրջանային վարչութեան անդամ Քրիսթինէ Քէշիշեանին ու շրջանային վարչութեան ընդհանուր տնօրէնուհի Ժասիկ æառահեանին: