
ԱՆԳԱՐԱ, «Ճազիրա».- Չորեքշաբթի, Մայիս 2ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութեամբ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմակերպած ընտրական հաւաքէն քանի մը շաբաթ ետք, հիւսիսային Թուրքիոյ Քասթամոնու քաղաքին մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով սպաննուեցաւ ոստիկան մը եւ վիրաւորուեցան քանի մը ուրիշներ:
Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, ոստիկանները կ՛ընկերանային հաւաքէն վերադարձող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէկ ինքնաշարժին, երբ պայթումը տեղի ունեցած է:
Ցարդ ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնած է արարքին պատասխանատուութիւնը:
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 12ին: