
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Կիրակի, Մայիս 1ի գիշերը յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժեր Փաքիստանի մէջ սպաննած են «Քայիտա»ի ղեկավար Ուսամա aպըն Լատենը։ Ան սպաննուեցաւ Միացեալ Նահանգներու ծովուժի մասնայատուկ ուժերուն կողմէ, Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ապոթապատի մէջ, ուր կը բնակին մեծ թիւով հանգստեան կոչուած զինուորականներ։
Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, թէ պըն Լատենի դիակը բաց ծովուն մէջ թաղուած է՝ անոր գերեզմանը ուխտավայրի վերածուելուն արգելք հանդիսանալու համար։ Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ան գլուխէն առնուազն մէկ փամփուշտ ստացած է: Անոնք կ՛աւելցնեն, թէ գործողութեան որոշումը տրուած էր Ուրբաթ օր. զինուորներուն հրահանգ տրուած էր սպաննել պըն Լատենը եւ ոչ թէ զայն ձերբակալել: Ծինային նմոյշներու միջեւ բաղդատութիւններու ճամբով, ամերիկացիները հաստատած են, որ սպանեալը պըն Լատենն է։
Պըն Լատենի զաւակը, ինչպէս նաեւ երեք ուրիշներ, ներառեալ կին մը, սպաննուած են, մինչ ամերիկացիները վնասներ չեն կրած 40 վայրեկեան տեւած բախումին ընթացքին:
Ամերիկացիները նաեւ կը պնդեն, թէ փաքիստանեան ուժեր տեղեկութիւն չեն ունեցած գործողութեան մասին:
Ըստ փաքիստանեան աղբիւրներու, գործողութեան մասնակցած են քանի մը ամերիկեան ուղղաթիռներ, որոնցմէ մէկը մեքենայական խանգարումի մը պատճառով ջախջախուած է: Ամերիկացի զինուորներ տեղւոյն վրայ ոչնչացուցած են ջախջախուած ուղղաթիռին կտորները:
Ուաշիկթընի, Նիւ Եորքի եւ ամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ բազմաթիւ ամերիկացի քաղաքացիներ փողոցներու մէջ տօնախմբութիւն կատարեցին՝ Սեպտեմբեր 11ի եւ ահաբեկչական այլ գործողութեանց պատասխանատու նկատուող պըն Լատենի սպանութեան լուրը առնելով:
Օպամա յայտնեց, թէ անցեալ Օգոստոսի վերջաւորութեան, պըն Լատենի գտնուած հաւանական վայրին մասին զեկուցում մը ստացած էր։ «Սի.Այ.Էյ.»ը պըն Լատենի գտնուած տունը արբանեակի ճամբով Սեպտեմբերէն ի վեր հսկողութեան տակ առած է, իսկ անոր մէկ պատուիրակը 4 տարի է ի վեր հսկողութեան տակ եղած է։
Պըն Լատենի կեցութեան վայրը կառուցուցած է 2005ին եւ ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, ան վերջին վեց ամիսներուն հոնկէ դուրս չէ ելած:
«Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Լիոն Փընեթա, իր կարգին յայտնեց, թէ «Քայիտա» շարժումը պիտի փորձէ իր ղեկավարին վրէժը լուծել, իսկ «Թալեպան» շարժումը խոստացաւ «ամերիկեան եւ փաքիստանեան կառավարութիւններէն եւ անոնց ապահովական ուժերէն» վրէժ լուծել։ Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը դատապարտեց պըն Լատենի սպանութիւնը, մինչ Պաղեստինեան իշխանութիւնը եւ աշխարհի տարածքին բազմաթիւ երկիրներ, ներառեալ՝ Թուրքիան, ողջունեցին անոր սպանութիւնը։