ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՀՄԸՄ Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած կրտսերներու (10-15 տարեկան) 17րդ միջմասնաճիւղային պասքեթպոլի խաղերը տեղի ունեցան Շաբաթ եւ Կիրակի, Ապրիլ 2-3ին, քաղաքային համալսարանի դաշտերուն վրայ, մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջանի 40 խումբերու եւ աւելի քան 450 մարզիկ-մարզկուհիներու:
Մարզիկներուն կ՛ընկերանային շրջանային վարչութեան մարզական յանձնախումբի եղբայրներ՝ դասաւորելու համար խաղերը, նաեւ շրջաններու պատասխանատուներ, ծնողներ եւ բարեկամներ, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց դեռատի զաւակները: Խաղերը տեղի ունեցան Շաբաթ առաւօտեան ժամը 8 էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան 9ը, իսկ Կիրակի օր ժամը 8 էն 5 տեղի ունեցան աւարտական մրցումներ, ու յաղթական խումբերը ստացան բաժակներ:
«Սասուն» մասնաճիւղի կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկը կը հանդիսանայ այս մրցաշարքը: Վարչութիւնն ու յանձնախումբերը գործի լծուած էին ներկաներուն հրամցնելով զովացուցիչներ, ճաշեր ու խաղերը խորհրդանշող յիշատակի շապիկներ:
ՀՄԸՄի կազմակերպած միջմասնաճիւղային խաղերը մեծ խանդավառութեամբ կը դիմաւորուին ամէնուրեք, որովհետեւ ներկաները, ոչ միայն հանդիսատես կ՛ըլլան խաղերուն, այլ կը վերյիշեն քաղցր յուշեր. անոնք կը մանկանան, կ՛ըլլան պարման-պարմանուհի, կը հանդիպին բարեկամներու եւ հարազատներու, նաեւ կը բացուին յուշերու փաթեթները, ի տես դաշտին վրայ քրտնաթոր վազող «Հայոց ազգի մանուկներուն», իսկ կարօտակէզ սրտերը կ՛աղաղակեն. «Պիտի հասնի՛նք սրբազան լեռ կատարիդ»:
Ապրիլ 2-3ին, քաղաքային համալսարանը հայացած էր. հոն էին հայոց ազգի մանուկները՝ մարզական տարազներով, ՀՄԸՄական եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք բազում դժուարութիւններ յանձն առնելով՝ եկած էին քաջալերելու իրենց զաւակները, հոգիով թարմանալու եւ ապրելու ՀՄԸՄի յուշերով: Ուրախալի երեւոյթ էր, համախմբուած տեսնել այսքան ՀՄԸՄականներ, որոնք հասակ նետած են հայկական ակումբներուն մէջ եւ կը ծառայեն նոյն «Բարձրացիր-Բարձրացուր» նպատակին:
Կրկնապատիկ հրճուանք էր նաեւ դիտել այդ մանուկներուն ծնողները եւ պատասխանատուն, որոնք կը քաջալերէին մեր ապագայ սերունդը: Մեզի համար բոլոր խումբերն ալ յաղթական են, որովհետեւ իրենց մասնակցութիւնը յաղթանակ կը խորհրդանշէ: Ահաւասիկ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ՀՄԸՄի դարբնոցին մէջ ՀՄԸՄի ոգիով հասակ առնել:
Այս պահուս, երբ կը գրեմ այս տողերը, յուզումով կը վերյիշեմ 60է աւելի տարիներ առաջ սկաուտական կեանքիս դրուագները, Հալէպ քաղաքին մէջ, Ս. Զատկուան շրջանին տեղի ունեցող խաղերն եւ տողանցքը, որուն ամէն տարի անհամբեր կը սպասէինք, իսկ քայլարշաւները՝ առաջնորդութեամբ խմբապետ Անդրանիկ Քէնտիրճեանին՝ մեծ խանդավառութեամբ կը կատարէինք: Կը յիշեմ պատմական այն քայլարշաւը՝ Այնճարէն Շթորայի ակ. Կարմիր խաչի ծանր պայուսակը կռնակիս՝ հպարտութեամբ կը քալէի, հոգ չէ, թէ ծունկերս կը կթոտէին ծանրութեան տակ: Մեր փափաքն է, որ մեր ծնողները իրենց զաւակները առաջնորդեն դէպի հայկական ակումբներ. վստահ եղէք, որ ապագային անոնք շատ երախտապարտ պիտի ըլլան եւ ազգային ոգիով թրծուած՝ հայաբոյր ընտանիքներ պիտի կազմեն:
Ապրիք, հազար ապրիք, ՀՄԸՄի սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, ապրին ուրախ եւ երջանիկ ձեր ծնողներն ու ձեր պատասխանատուները. դուք ձեր ներկայութեամբ ուրախացուցիք մեզ: