ԹԵՀՐԱՆ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ի առաւօտեան, Թեհրանի Հայոց թեմի մանկապարտէզներու եւ տարրական օղակի մատղաշ սերունդը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Առաւօտեան ժամը 9էն Թեհրանի Հայոց ազգային մանկապարտէզներու եւ տարրական օղակի աշակերտ-աշակերտուհիները, Ս. Սարգիս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցիներուն մէջ գտնուող Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձաններուն մօտ ծաղիկներ տեղադրեցին ու գլուխ խոնարհեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին՝ միաժամանակ խոստանալով, որ իրենք պահանջատէրը պիտի մնան հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնման եւ իրականացման: