
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը համաձայն չէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ դեմոկրատ քոնկրեսական Սթենի Հոյըրի այն պնդումին, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252րդ բանաձեւի՝ Ներկայացուցիչներու տան վերջին լիագումար նիստի ընթացքին չներկայացուելուն պատճառը այն էր, որ բաւարար քոնկրեսականներու աջակցութիւնը կարելի չէր եղած ապահովել:
Փելոսի եւ Հոյըր միշտ պաշտպանած են հայկական բանաձեւերը, սակայն Ցեղասպանութեան կապակցութեան իրենց վերջին յայտարարութեանց մէջ նշած են, թէ բանաձեւի կողմնակիցներուն թիւը բաւարար չէ զայն վաւերացնելու համար, հետեւաբար, բանաձեւին չորդեգրուիլը լուրջ պարտութիւն պիտի ըլլար եւ պիտի արժանանար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հակառակորդներու ծափողջոյններուն:
«Մենք բարձր կը գնահատենք Փելոսիի եւ Սթենի Հոյըրի ջանքերը, սակայն չենք կիսեր անոնց այն կարծիքը, թէ բանաձեւը չունէր բաւարար թիւով կողմնակիցներ։ Ընդհակառակը՝ բանաձեւին սատարող բաւարար թիւով քոնկրեսականներ կային եւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակը զայն քուէարկութեան դնելու իրաւասութիւն ու իշխանութիւն ունէր», ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։