
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 22 Ապրիլին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայ եղած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի մարտական հրաձգութեան գնդային մարտավարական զօրավարժութիւններուն:
Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն, զօրավարժութիւններուն ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ: