ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 2
Մոնթեպելլոյի «Պիքնել Փարք»ի Նահատակաց յուշարձանին մօտ Ապրիլեան Եղեռնի 96րդ տարելիցը հանդիսաւորապէս նշելու ուղղութեամբ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինի կազմակերպչական համակողմանի աշխատանքները, իրենց գործնական եւ գաղափարական ոլորտներով կ՛ընթանան ըստ նախատեսուածի: Գործնական ոլորտ-Միջոցառման հետ առնչուող բոլոր կարգադրութիւնները իրենց յետին մասնրամասնութեամբ արդէն իսկ ամբողջացած են: Ժողովուրդը Մոնթեպելլօ հրաւիրող թռուցիկները ցրուած են, իսկ պատկերասփիւռի եւ թերթերու գովազդները շաբաթներէ ի վեր ընթացքի մէջ են: Ապահովուած են՝ Շաբաթ, Ապրիլ 23ի առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն եւ Հոլիվուտի «Ալէք Փիլիպոս» դպրոցէն ժողովուրդը Մոնթեպելլօ փոխադրելիք «պաս»երը: Ապահովուած են նահանգային, դաշնակցային, քաղաքային եւ տեղական պաշտօնատարներու եւ ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը: Այս տարի եւս, ՀՄԸՄի եւ ՀԲԸՄի սկաուտները պիտի մասնակցին դրօշակի արարողութեան: Իրանահայ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մայեստրօ Միքայէլ Աւետիսեանի, հանդէս պիտի գայ աւուր պատշաճի խմբերգներով:
Գաղափարական ոլորտ- Ինչպէս գիտենք, այս տարի Ս. Զատիկ եւ Ապրիլ 24 միատեղ եկան: Այլ խօսքով՝ Քրիստոսի Յարութիւնը զուգադիպեցաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին: Պատմական այս զուգադիպութիւնը, գաղափարական եւ խորհրդանշական իմաստ ու խորհուրդ զգեցաւ: Եթէ Քրիստոս յարութիւն առաւ իր դամբանէն, հայ ժողովուրդն ալ յարութիւն առաւ իր մոխիրներէն: Աստուածային եւ մարդկային այս զոյգ խորհուրդներուն գաղափարականէն ներշնչուած, Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինը, ընդառաջելով մեր կրօնապետեներու կոչին, յուշահանդէսի հիմնական խորհրդանիշը կը համարէ հայ ժողովուրդի փրկութիւնն ու վերածնունդը:
Ունինք նաեւ անակնկալ եւ խիստ կարեւոր նորութիւն մը: Ապրիլ 23ի յուշահանդէսին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Արժանթինէն ժամանած հայորդի մը՝ իրաւաբան Ֆետերիքօ Հայրապետեան: Ան թոռնիկն է Եղեռնէն վերապրած Գրիգոր Հայրապետեանի, որուն գերդաստանին 50 անդամները անյայտ կորած են Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան օրերուն: Տրուած ըլլալով, որ Արժանթին որդեգրած է օրէնք մը՝ անյայտացած անձերու ճակատագիրը ճշդելու մասին, Ֆետերիքօ Հայրապետեան 2000 թուականին դատ բացաւ եւ աւելի քան 10 տարիներու հետապնդումներէ ետք, հասաւ յաջողութեան: Արդարեւ, Արժանթինի դաշնակցային դատարանը Ապրիլ 1, 2011ին հետեւեալ վճիռը կայացուց. «Թրքական պետութիւնը ցեղասպանութիւն իրականացուցած է հայ ժողովուրդի նկատմամբ 1915-1923 թուականներուն, սպաննելով մէկուկէս միլիոն հայեր»:
Արդ, սիրելի հայ ժողովուրդ, Շաբաթ, Ապրիլ 23ին խուռներամ դիմենք դէպի Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին մօտ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմնի կողմէ կազմակերպուած յուշահանդէսին, անգամ մը եւս յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը եւ աշխարհով մէկ յայտարարելու, թէ մենք պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրական պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիան ճանչնայ իր մեղքը, ընդունի յանցանքը եւ հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ – ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ