ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Քաւքազնիւզ.ինֆօ» կայքը կը հաղորդէ, թէ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13ին, 130 թեր եւ 8 դէմ քուէներով որդեգրած է Վրաստանի վերաբերեալ բանաձեւ մը, որ դրական կը համարէ վերջերս Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած կարգ մը բարեփոխումներ։
ԵԽԽՎն սոյն բանաձեւով միաժամանակ կոչ կ՛ընէ Թիֆլիսի՝ ապահովելու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անկախութիւնը, եւ իշխանութիւններուն կ՛առաջարկէ ուսումնասիրել բոլոր քաղաքներուն մէջ, գոնէ մեծ քաղաքներուն մէջ, քաղաքապետի ուղիղ ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը։
Փաստաթուղթը կ՛անդրադառնայ նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն եւ կը պահանջէ բարելաւել ազգային փոքրամասնութիւններու կրթութեան համակարգը, միաժամանակ շեշտելով, թէ քայլեր պէտք է առնուին, որպէսզի ազգային փոքրամասնութիւնները առաւել աշխոյժ կերպով մասնակից դառնան երկիրի հասարակական կեանքին։
Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ վաւերացնելու տարածաշրջանային լեզուներու կամ փոքրամասնութիւններու լեզուներու մասին եւրոպական ուխտը, ինչպէս նաեւ որդեգրելու օրէնք մը, որ կ՛ապահովէ կրօնական բոլոր դաւանանքներու իրաւական կարգավիճակն ու պաշտպանութիւնը։