
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Հայկական Ցեղասպանութեան որբերուն նուիրուած բեմադրիչ Պարէթ Մարոնեանի «Orphans of the Genocide» վաւերագրական շարժապատկերի իրականացման աշխատանքներուն մասին ներկայացում մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 9ին, երեկոյեան ժամը 6ին, «Արարատ-Էսկիճեան» թանգարանին մէջ: Յայտնենք, թէ ֆիլմը արտադրութիւնն է «Արմենոյտ» խմբակին:
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ չորս անգամ շրջանային «Էմի» մրցանակին տիրացած Մարոնեանի վաւերագրական կարճ շարժապատկերներու ցուցադրութիւնը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Թանգարանին հասցէն է՝ 15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA 91345:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 838-4862 թիւին կամ mgoschin@mindspring.com հասցէին: