ՊՈԼԻՍ, «ՓանԱրմինիըն».- Տիգրան Խզմալեանի՝ «Արմին Վէգներ՝ Ցեղասպանութեան լուսանկարի»չ շարժապատկերի Իրանի մէջ ցուցադրութիւնը կը վրդովեցնէ ու կը զարմացնէ Անգարան: Այս մասին կը գրէ թրքական «Միլլիյէ»չ օրաթերթը:
«Վերջին ժամանակաշրջանին թուրքիրանական յարաբերութիւնները ամենաբարձր մակարդակի վրայ են: Սակայն Թեհրանը թուլատրած է՝ 24 Ապրիլին Իրանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն մասին պատմող շարժապատկեր մը ցուցադրել», կը գրէ թրքական պարբերականը:
Երկուշաբթի օր, Երեւանի մէջ կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Տիգրան Խզմալեան յայատարարած էր, որ 24 Ապրիլին, Թեհրանի մէջ պիտի ցուցադրուի իր նկարահանած «Արմին Վէգներ՝ Ցեղասպանութեան լուսանկարի»չ շարժապատկերը: Ցուցադրութեան պիտի մասնակցին կարգ մը իրանցի խորհրդարանականներ: Խզմալեան տեղեկացուցած էր, որ շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի նաեւ իրանական պատկերասփիւռի աալիքներէն մէկուն կողմէ:
Նշենք, որ Արմին Վէգները լուսանկարիչ էր, որ ճակատագիրի բերումով դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական վկան: Սերելով գերմանա-հրէական ընտանիքէ՝ ան Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն իբրեւ կամաւոր անդամագրուած էր գերմանական բանակին եւ ծառայած անոր Օսմանեան Թուրքիա առաքուած զօրամասերէն մէկուն մէջ: Վէգների լուսանկարները ամբողջ աշխարհին ցոյց տուին հայերու ողբերգութիւնը: