
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ Մարտ 31ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին զուիցերիական պատուիրակութեան անդամներ եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ:
Զուիցերիոյ կառավարութեան Դաշնային խորհուրդի կողմէն Հայաստանին մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած է Կոնստանթին Օպոլենսգի: Բացման իր խօսքին մէջ նորանշանակ դեսպանը նշեց, որ Զուիցերիոյ կողմէն Երեւանի մէջ դեսպանատան բացումը կը վկայէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու գերազանց զարգացումը: