
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 25 Մարտի կէսօրին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռաքսեն Մաքասճեանի եւ Րաֆֆի Մոմճեանի, որոնք եկած էին զեկուցում տալու Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի մը մասին։
Յարգելի հիւրերը բացատրեցին, թէ իբրեւ ոչ-հասութաբեր հիմնարկութիւն՝ մշակած են յատուկ դասագիրք մը, որ պիտի ծառայէ ցեղասպանական արարքներու մասին դասաւանդումի։ Դասագիրքը կ՛առաջարկուի պետական վարժարաններու, որովհետեւ Քալիֆորնիա եւ աւելի քան տասնեակ մը նահանգներ յատուկ օրէնք որդեգրած են Ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին։ Անոնք բացատրութիւններ տուին դասագիրքին ընկերացող դասաւանդման նիւթերուն մասին, ներառեալ՝ արդի արհեստագիտութեան ու հաղորդակցութեան միջոցներ (համացանցային կայքէջեր, եւ այլն)։
Առաջնորդը բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքն ու մարդկային հիմնական իրաւունքներու պահպանման հանդէպ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը։ Ան արդար նկատեց, որ նման ծրագիր, իբրեւ Հայ Դատի ծանօթացման յաւելեալ աշխատանք՝ մատուցուի նաեւ հայ աշակերտներու։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ըստ կարելւոյն աջակցելու այս աշխատանքին։
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդը յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն։