
ՓԱՍԱՏՆԻԱ.- Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Հայ Կին կազմակերպութեան, Շաբաթ, Ապրիլ 2ին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ որբերու եւ ամուսնալուծուած ընտանիքներու երեխաներու դիմագրաւած իւրայատուկ հարցերուն նուիրուած քննարկում մը, Փասատինայի ՀԲԸՄի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնին մէջ (2495 East Mountain Street, Pasadena, CA 91104):
Ձեռնարկին բացումը պիտի կատարէ տոքթ. Լուսին Նալպանտեան, որմէ ետք ելոյթներ պիտի ունենան յաջորդաբար՝ Սօնա Զէյթլեան, դոկտ. Էմմա Օշական եւ դոկտ. Ինկա Սիմոնեան, այնուհետեւ, կ.ե. ժամը 12:25ին տեղի պիտի ունենայ հարցում-պատասխանի բաժին:
Կ.ե. ժամը 1ին ճաշ պիտի մատուցուի ներկաներուն: Մուտքի սակը 20 տոլար է:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (626) 794-7942 թիւին: