Նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, «Մեծն Թուրքիոյ ընդառաջ» խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիա մտադիր է վերացնել իր եւ դրացի երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հոգեբանական պատնէշները, կարգաւորել պատմութիւնը եւ կապեր հաստատել ամէնաբարձր քաղաքական մակարդակով։
«2015ին հաշուի պիտի նստինք բոլոր անոնց հետ, որոնք կ՛ուզեն, որ մենք դէմ յանդիման գանք սեփական պատմութեան ու անցեալին հետ, որոնց շարքին՝ Հայկական Հարցին հետ», ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին՝ յայտարարած է Տաւութօղլու։