
ԹԵՀՐԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հրաւէրով, Մարտ 27ին աշխատանքային այցով ժամանած է Թեհրան:
Այցելութեան ծիրին մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ահմատինեժատի հետ: Հայաստանի նախագահը շնորհաւորած է Իրանի նախագահն ու Իրանի ժողովուրդը Նովրուզի տօնին առիթով, եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին անունով բարեմաղթանքներ յղած է անոնց:
Հանդիպման ընթացքին նախագահներ Սարգսեան եւ Ահմատինեժատ քննարկած են երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման ու բարիդրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Նախագահները կարեւոր համարած են յատկապէս ուժանիւթի, փոխադրամիջոցի, մշակոյթի եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ յաջողութեամբ զարգացող փոխգործակցութիւնը եւ անդրադարձած՝ Իրան-Հայաստան երկաթուղագիծի կառուցման ծրագիրին:
Իրանի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք, Սերժ Սարգսեան, Թեհրան ժամանած այլ երկիրներու ղեկավարներու հետ «Ուահտաթ» համալիրին մէջ մասնակցած է Նովրուզի տօնակատարութեան եւ հանդէս եկած շնորհաւորական խօսքով: