
ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Եմէնի ապահովական ուժեր եւ կառավարութեան համակիր զինեալներ Ուրբաթ, Մարտ 18ին սպաննեցին առնուազն 40 ցուցարարներ եւ վիրաւորեցին աւելի քան 200 ուրիշներ, երբ տանիքներէ կրակ բացին մայրաքաղաք Սանաայի մէջ Ուրբաթ օրուան նամազէն ետք տեղի ունեցող ցոյցի մը վրայ։
Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ Սանաայի մէջ մասնակցեցան երկու տարբեր ցոյցերու։ Նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հակառակորդները «Զգուշացման Ուրբաթ» նշանաբանով ցոյց մը կը կատարէին, իսկ նախագահի համակիրները՝ «Համաձայնութեան Ուրբաթ» նշանաբանով ցոյց մը, մինչ գործարարներ շրջանառութեան մէջ դրին նախագահին եւ ցուցարարներուն միջեւ ստեղծուած անել կացութեան վերջ տալու նոր առաջարկ մը։
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Եմէնի տարբեր շրջաններու մէջ: