
Քաշաթաղի 600 Ընտանիքներ Նիւթական Փոխտուութիւններ Պիտի Ստանան
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Արցախի պետութեան կողմէ Քաշաթաղի վերաբնակեցման եւ ազատագրուած տարածքներուն մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակներուն սատարող «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց» (ԱՐԻ) ընկերութիւնը, որ հիմնուած է ներդրումներ կատարելու Քաշաթաղի վերաբնակեցման աշխատանքին մէջ, արձանագրած է հսկայ յաջողութիւն մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ նիւթական փոխատուութիւններ ապահովել Քաշաթաղի բնակչութեան մաս կազմող 600 ընտանիքներուն:
ԱՐԻ ընկերութիւնը, որ սեղմ ջանքերով կրցած է իբրեւ սկզ-բնական աշխատանք 16 ներդրողներով 100 ընտանիքներու վարկեր ապահովել, նախորդ քանի մը օրերուն ընթացքին իր կազմակերպած աշխատանքային հանդիպումներուն ընթացքին կրցած է ներդրումներու գումարը հասցնել շուրջ 2 միլիոն տոլարի, որով կարելի պիտի ըլլայ նաեւ 500 ընտանիքներու վարկ տրամադրել:
ԱՐԻի ներդրող անդամներուն թիւը բարձրացնելու նպատակով, ընկերութիւնը Լիբանան հրաւիրեց Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, որ ԱՐԻի անդամներուն հետ գործակցաբար հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանահայ գործարարներու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին կարելի եղաւ ընդարձակել լիբանանահայ ներդրողներուն թիւը, որուն շնորհիւ վարկերու կարիքը ունեցող Քաշաթաղի երկու հազար հինգ հարիւր բնակիչներէն վեց հարիւրին կարելի պիտի ըլլայ տրամադրել նիւթական փոխատուութիւններ՝ ի խնդիր Արցախի եւ յատկապէս ազատագրուած տարածքներու գիւղատնտեսութեան զարգացման:
——————————————————————————————————————
Փոխշահաւէտ Համագործակցութիւն
Արցախի Հանրապետութեան վարչապետին Լիբանան կատարած աշխատանքային այցելութիւնը յագեցած ժամանակացոյցով յատկանշուած էր: Գաղութային, գործարար շրջանակներու, յարանուանական, կուսակցական, միութենական, մամլոյ, կրթական ներկայացուցիչներու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ ճանաչողական բնոյթի հանդիպումներ, ծրագիրներու ներկայացումներ եւ հանդիսութիւններու մասնակցութիւններ կազմեցին վարչապետ Յարութիւնեանի աշխատանքային ժամանակացոյցի գլխաւոր բաժինները:
Քանի մը կարեւոր դիտարկում անպայման պէտք է կատարել ի տես անցնող օրերուն արձանագրուած երեւոյթներուն:
Փոխճանաչողութեան առընթեր կար անշուշտ այցելութեան հիմնական նպատակը՝ ներկայացնել Արցախի ներդրումային դաշտը եւ ներդրումներ ապահովել լիբանանահայ գործարար ցանցէն: Այստեղ էր, որ լիարժէք գործեց «ԱՐԻ» ընկերութիւն-Արցախի կառավարութիւն արդէն իսկ որոշ ճամբայ կտրած համագործակցութիւնը:
Ենթահողը լաւապէս պատրաստուած էր նախաձեռնող եւ կազմակերպող ընկերութեան կողմէ: Փաստը ցոյց տուաւ նաեւ, որ ո՛չ տնտեսական միջազգային ճգնաժամը, ո՛չ ալ տարածաշրջանի եւ Լիբանանի քաղաքական թէ տնտեսական անորոշ իրավիճակը կրնան արգելակել Արցախի զարգացման ծրագիրներուն ի նպաստ լիբանանահայ գործարարին հայրենաշինարարական մասնակցութիւնը:
Կարեւոր էր Արցախի զարգացման համար մշակուած ծրագիրներուն սկիզբի վայրը: Սկիզբը Սփիւռքի կեդրոնական գաղութէն էր: Նիստերու վայրը՝ համասփիւռքեան ազգային եւ հոգեւոր կեդրոն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Կարեւոր այս հանգամանքները կը շեշտեն հայրենիք-Սփիւռք կամ աւելի ընդունուած բանաձեւումով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը: Արդարեւ, իբրեւ համասփիւռքեան կեդրոնատեղի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը լաւագոյն միջավայրն էր նման համախմբում իրագործելու: Այս կ՛ենթադրէ, անշուշտ, որ նման տարողութեան մը նախանիշը ցոյց տալով նախաձեռնութիւնը պիտի տարածուի սփիւռքեան այլ գաղութներ, այնտեղի գործարար շրջանակները եւս ներառելով իր ծրագիրներուն մէջ: Իսկ այս մէկը օրինաչափ է առաջադրուած եռամիասնութիւնը կայացնելու առումով:
Ընդհանրապէս հայրենիքին եւ յատկապէս այս պարագային Արցախին զարգացման նպաստելու եւ օժանդակելու ուղղութեամբ ա՛յս նախաձեռնութիւնը նոր մօտեցում կը ցուցաբերէր իր մէջ: Առաջադրուածը նուիրատուութիւն չէր: Մասնակցութիւն էր նախ եւ առաջ Արցախի զարգացման եւ երկրորդ՝ ներդրումային դաշտի ներկայացումով մասնակցութիւն եւ իբրեւ այդպիսին փոխշահաւէտ համագործակցութեան յստակ առաջարկ էր, համապատասխան շահոյթով: Նման մօտեցում արդէն իսկ կը շեշտէր Արցախի տնտեսական ոլորտին կողմէ ժամանակակից մեթոտաբանութեան որդեգրումը, ինչ որ պարագայական նուիրատուութիւններէ անդին՝ մասնակցութեան եւ շահութաբեր ներդրումի մասին կը խօսէր:
«ԱՐԻ»-Արցախ համագործակցութեան այս նմուշը անհրաժեշտ է որ ընդհանրանայ եւ համահայկականանայ: Գործին մասնակցութիւնը, Արցախի զարգացման համար, օժանդակ ըլլալու փաստը այս պարագային միաժամանակ թէ՛ հոգեկան եւ թէ նիւթական բաւարարուածութիւն առթող միջոցառում է. Ինչ որ ողջունելի, քաջալերելի եւ օրինակելի է միանգամայն:
Չմոռնանք, որ Քաշաթաղի ընտանիքներուն ստանալիք վարկերը լիովին կ՛օժանդակեն այդ ընտանիքներուն դէպի բարեկեցութիւն կարեւոր քայլ առնելու առաջադրանքին: Իսկ բարեկեցութեան ապահովումը հիմնական միջոցն է արտագաղթի հոսքը կասեցնելու կոչուած աշխատանքներուն համար: Ի վերջոյ մեր հայրենիքի ժողովրդագրական պատկերը այսօր թիւ 1 խնդիրն է, որուն կ՛առնչուին քաղաքական եւ տնտեսական այլ խնդիրներ: Ժողովրդագրական պատկերը սերտօրէն ժողովուրդի, երկրին եւ պետութեան անվտանգութեան հետ կապուած առաջնային հարց է:
Հաւաքական գործելաոճով իրականացած լիբանանահայ գործարարներու ներդրումները երաշխաւորուած են Արցախի կառավարութեան կողմէ: Ինչ որ կ՛ընդգծէ Արցախի պետութեան կողմէ հարցին տրուած քաղաքական-ռազմավարական նշանակութիւնը:
Այս առումով ալ վարչապետի աշխատանքային այցելութիւնը եւ այդ այցելութեան ընթացքին տարուած աշխատանքներն ու իրականացուած նպատակները համահայկական տարողութեամբ ռազմավարական խնդիրներուն հետ կապ ունին:
Այս չորս օրուան ընթացքին արձանագրուած երեւոյթները մտածել կու տան, որ ներդրումներէն անդին, հայրենիքի ռազմավարական խնդիրներուն ուղղութեամբ Սփիւռքի առած մէկ կարեւոր քայլին մասին է խօսքը. քայլ՝ որ պէտք է ընդհանրանայ եւ համահայկականանայ՝ սփիւռքեան այլ գաղութներ ներառելով սկսած գործին մէջ: