
ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի օր, երբ կառավարութեան շէնքէն ներս նախարարները իրենց հերթական նիստը կը գումարէին, բացօթեայ առեւտուրի իրաւունքէն զրկուած բազմութիւն մը բողոքի ցոյց կը կատարէր: Ցոյցին մասնակցելու եկած էին Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան պատգամաւորական խումբի անդամներ:
Ոստիկանութեան Երեւանի քաղաքային վարչութեան պետի տեղակալ Ռոպերթ Մելքոնեանի հրահանգով, ոստիկանները թոյլ չեն տուած, որ առեւտրականներն ու պատգամաւորները մօտենան կառավարութեան շէնքին՝ հարուածելով ու հեռացնելով զանոնք այդ տարածքէն:
Հարուած ստացողներէն մէկը եղած է պատգամաւոր Անահիտ Բախշեանը, որ շտապ օգնութեան մեքենայով փոխադրուած է հիւանդանոց: Հարուած ստացած է նաեւ պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան:
Ցուցարարներէն Վարդգէս Գասպարի, ոստիկաններուն կողմէ տարուած է ոստիկանական բաժին, սակայն, աւելի ուշ ան ազատ արձակուած է:
Հանրապետութեան հրապարակ ժամանած է նաեւ Մարդու իրաւունքներու նորընտիր պաշտպան Կարէն Անդրէասեան, որ խոստացած է պարզել միջադէպին պատճառը:

«Վարչապետից պահանջում ենք, որ քրէական գործ յարուցի այս վոհմակի դէմ, որը ոստիկանութիւն է կոչւում», յայտարարած է ցոյցի մասնակիցներէն պատգամաւոր Ստեփան Սաֆարեանը: Ան վարչապետէն պահանջած է պատասխանատուութեան ենթարկել բռ-նութիւններ գործադրած ոստիկանները եւ զանոնք գլխաւորող պաշտօնեաները:
«Ի հարկէ, ասել, թէ պարոն վարչապետը հէնց տեղում կիսեց մեր գնահատականները՝ ճիշդ չի լինի, բայց հէնց մեր ներկայութեամբ զանգահարեց ոստիկանապետին եւ յանձնարարեց ծառայողական քն-նութիւն նշանակել եւ արդիւնքների մասին յայտնել հանրութեանը: Քիչ առաջ, որքան հասկացանք, խորհրդակցութեան են հրաւիրուած արդարադատութեան նախարարն ու փոխոստիկանապետը, եւ կարծում եմ՝ քննարկման թեման լինելու է այսօր տեղի ունեցածը», կառավարութեան շէնքէն դուրս գալով՝ լրագրողներուն յայտնեց Ս. Սաֆարեան:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը, իր կարգին, վրդովմունք յայտնած է տեղի ունեցած միջադէպին կապակցութեամբ:
ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան՝ այս առթիւ տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Իրենց իրաւունքների պաշտպանութեանն ուղղուած՝ ՀՀ քաղաքացիների խաղաղ ցոյցը, իրաւապահ մարմինների ներկայացուցիչների կողմից խոչընդոտուել է ուժի կիրառմամբ: Տուժել են ՀՀ քաղաքացիներ: Բռնութիւն է կիրառուել անձեռնմխելիութեամբ օժտուած ՀՀ ԱԺ պատգամաւորների նկատմամբ: Դատապարտում ենք տեղի ունեցածը: Իրաւասու մարմիններից պահանջում ենք անցկացնել անաչառ քննութիւն, տալ կատարուածի իրաւական գնահատականը եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորներին»: