ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեքշաբթի օր, Օթթաուայի ատրպեճանական դեսպանատան առջեւ, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, ատրպեճանական դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ՝ ընդվզում արտայայտելու համար Սումգայիթի մէջ 1988ին ազերիներու ձեռամբ կատարուած ջարդերուն ընդդէմ: (Մանրամասնութիւններու համար կարդացէ՛ք կողքի սիւնակը):
Վաղը, կէսօրէ ետք ժամը չորսին, Լոս Անճելըսի մէջ ատրպեճանական հիւպատոսարանին առջեւ (11766 Wilshire Blvd, Los Angeles, CA 90025), Միացեալ Հայ Երիտասարդներու կազմակերպութեամբ նոյնպէս բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ, Սումգայիթի մէջ «հայ ազգի դէմ ուղղուած էթնիկ զտման, ծեծի եւ ջարդերի մասին» հանրութիւնը տեղեկացնելու նպատակով:
Երիտասարդները կը նախաձեռնեն ու կը կազմակերպեն, սակայն չի նշանակեր, որ այս բողոքի ցոյցին պէտք է միայն մեր մատաղ սերունդը մասնակցի:
Վստահ ենք, որ համայնքը հրճուանքով կը հետեւի երիտասարդներու աշխոյժ գործունէութեան, յատկապէս, երբ այդ գործունէութիւնը ազգային յանձնառութեան ոգիով կը կատարուի: Այսուհանդերձ, միայն հետեւելով ու հեռուէն խրախուսելով՝ կարելի չէ բաւարարուիլ, այլ պէտք է կանգնիլ անոնց կողքին, պէտք է միանալ անոնց ընդվզումի արտայայտութեանց, ցոյց տալով աշխարհին, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգ մը չի կրնար հանդուրժել, երբ տակաւին իր զաւակները կը խողխողուին ու կը ջարդուին պարզապէս՝ իրենց ազգային պատկանելութեան համար:
Վաղուան ցոյցի հրաւէրը ուղղուած է բոլորիս: Ընդառաջենք այդ հրաւէրին ու խուռներամ մասնակցինք երիտասարդութեան կողմէ նախաձեռնուած բողոքի ցոյցին, որուն ընդմէջէն պէտք է ամբողջ հայ համայնքը ուժգնօրէն դատապարտէ ազերիներու ձեռամբ Սումգայիթի անմեղ հայ բնակչութեան սպանդը: