
«Ուիքիլիքս» հրապարակած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Էն Տերսի զեկուցումը, որուն մէջ ան կը գրէ. «Նոյնիսկ իր ամբողջ ռազմական ունակութիւնն ու ներուժը ներդրելու պարագային, Ատրպէյճան դժուար թէ բաւականաչափ ուժ ունենայ յաղթելու Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան ուժերուն եւ հայկական բանակին։ Այդ տարածաշրջանին դիրքը ամէն ինչով նպաստաւոր է հայկական կողմին»։
Յուլիս 2, 2009ին իր ուղարկած զեկուցումին մէջ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կը նշէ. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ատրպէյճան վարդագոյն սենարիոներ կը գծէ իրեն համար, սակայն անոնք իրականութեան մէջ հիմքեր չունին։ Ատրպէյճանի նախագահի հռետորութիւնը իրական գործողութիւններէ եւ արդիւնքներէ շատ հեռու է»։
Նշենք, որ Էն Տերս Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը վարած է 2006էն 2009 ժամանակաշրջանին։ Ան նաեւ գրած է, թէ Պաքու ամերիկեան ռազմական յաւելեալ օժանդակութիւն խնդրած է, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեանց ստեղծած մտահոգութեանց պատճառով:
«Ուիքիլիքս»ի մէջ նաեւ կը կարդանք, թէ Միացեալ Նահանգներու ռազմական բազմաթիւ փորձագէտներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու մէկ այլ դեպսանի մը՝ Ռոս Ուիլսընի (2000-2003) վերլուծութիւնները, կը համընկնին Տերսի կարծիքին։
Ամերիկացի ռազմական փորձագէտները եզրակացուցած են, թէ Իլհամ Ալիեւ «չարաչար կը սխալի, երբ հանրութեան առջեւ յաճախակի կերպով կը կրկնէ, թէ Ատրպէյճան ի վիճակի է յաջողութեամբ աւարտին հասցնելու Լեռնային Ղարաբաղը գրաւելու իր ռազմական գործողութիւնները։ Գոյութիւն ունեցող իրականութեան տեղեակ ոեւէ բանական ատրպէյճանցի պէտք է հասկնայ, որ Ատրպէյճան ոչ մէկ պարագայի պէտք է դիմէ պատերազմական գործողութիւններու։ Նոյնիսկ ռազմական ամենաբարենպաստ դաշտին վրայ ատրպէյճանցիները պիտի ունենան շատ աւելի կորուստներ, քան ունեցած են նախապէս»