
ՄԱՆԱՄԱ, «Ռոյթըրզ».- Հազարաւոր շիի սգաւորներ Պահրէյնի թագաւորական ընտանիքին տապալումը պահանջեցին Ուրբաթ, Փետրուար 18ին, երբ բացայայտ դարձաւ, որ բարեփոխումներ կատարելու կոչերը կ՛անտեսուին իշխանութեանց կողմէ: Հինգշաբթի օր նստացոյց կատարող ցուցարարներու ճամբարին դէմ զոհեր խլած յարձակումէն ետք, ցուցարարներուն զայրոյթը թիրախ փոխելով՝ ուղղուած է թագաւորին դէմ։
Ուրբաթ օր եւս ոստիկանութիւնը կրակ բացաւ ցուցարարներու վրայ՝ վիրաւորելով առնուազն 50 քաղաքայիններ: Սպիտակ տունը դժգոհութիւն յայտնեց Պահրէյնի մէջ լարուածութեան մագլցումին համար։
Միւս կողմէ, կառավարամէտ սիւննիներ հաւաքուեցան մայրաքաղաք Մանամայի մեծ մզկիթին մէջ՝ բարձրացնելով պահրէյնեան դրօշներ եւ Համատ պըն Իսա Խալիֆա թագաւորին նկարները։