
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը, «Աւետարանի տեսարանները հայ մանրանկարչութեան մէջ» միջազգային դրամագիտական ծրագիրի ծիրէն ներս՝ թողարկած է արծաթէ չորս յուշադրամ: «Աւետում», «Մոգերու երկրպագութիւն», «Համբարձում» եւ «Մուտք Երուսաղէմ» յուշադրամները թողարկուած են իւրաքանչիւրը վեց հազար օրինակով եւ 1000 դրամ անուանական արժէքով:
Առաջին երեք դրամները հատուած են Ֆինլանտայի մէջ եւ անոնց ուրուագիծերուն հեղինակն է Յարութիւն Սամուէլեանը: