
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 17ին ստորագրած է հրամանագիր մը՝ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն, զօրավար-գնդապետ Գորիկ Յակոբեանի ծառայութիւնը՝ ազգային անվտանգութեան մարմիններուն մէջ, մինչեւ 2016 Փետրուար 11 երկարաձգելու մասին: