
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 250 հազար տոլար նուիրատուութիւն պիտի կատարէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ), Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնք գնելու համար: Համապատասխան որոշումը պիտի հաստատուի կառավարութեան այսօրուան նիստին:
Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ներկայացուած տեղեկութեան մէջ նշուած է, որ շարք մը նուիրատուներ որոշ խոստումներ տուած են հիմնադրամին, հիւպատոսարան գնելու նպատակին կապակցութեամբ:
Նկատի ունենալով ԱՄՆ հարկերու վերաբերող արտօնութիւնները՝ հանրային նպատակներու ուղղուած նուիրատուութիւններ կատարողներուն համար, նուիրատուները կը նախընտրեն գումարներ յատկացնել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կամ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցով: Հիւպատոսարանի շէնքի գնման ծրագիրը իրականացնելու ուղղութեամբ առաջին մեծ նուիրատուութիւնը՝ 250 հազար տոլար՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կատարած է անանուն բարերարի մը կողմէ: