
– Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Երկուշաբթի, Փետրուար 14ին ներխուժեց «Օտա Թի.Վի.»ի կայանին շէնքը եւ հսկողութեան տակ առաւ անոր սեփականատէր Սօներ Եալչընն ու այլ պաշտօնատարներ՝ զանոնք ամբաստանելով «Էրկենեքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցութեան եւ ժողովուրդը քինախնդրութեան ու թշնամութեան մղելու յանցանքներով։ Ոստիկանութիւնը յիշեալ անձերու բնակարաններուն մէջ ըրաւ մանրակրկիտ խուզարկումներ, 12 ժամ տեւողութեամբ։ Խուզարկութիւններու ընթացքին ձեռք բերուեցան բազմաթիւ փաստաթուղթեր եւ գաղտնագրեր, իսկ համակարգիչներ փոխադրուեցան ոստիկանատուն՝ յաւելեալ քննութեանց համար։
– «News.am» կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքին մէջ ձերբակալուած է Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան երիտասարդական թեւի գործիչ Ճապար Սաւալանլին, որ կոչ ուղղած էր Պաքուի մէջ եւս «զայրոյթի օր» կազմակերպելու։ Ան մեղադրուած է թմրեցուցիչ պահելու յանցանքով, սակայն ընդդիմադիր ուժերը կը պնդեն, թէ թմրեցուցիչը ոստիկաններու կողմէ զետեղուած է Սաւալանլիի գրպանը։
– Պաղեստինեան իշխանութեան կառավարութիւնը հրաժարեցաւ Երկուշաբթի, Փետրուար 14ին, իսկ վարչապետ Սալամ Ֆայեատ, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ցուցմունքով, կառավարութիւն մը պիտի կազմէ։ Կառավարութեան փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ֆայեատի եւ իշխող «Ֆաթհ» շարժումի կարգ մը դէմքերուն փափաքով, Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն լոյսին տակ։
– Իտալական ատեան մը Երեքշաբթի, Փետրուար 15ին պաշտօնապէս ամբաստանեց վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնին, 17ամեայ պոռնիկ մը վարձելու յանցանքով: Միլիառատէր վարչապետը, որ «անհիմն» կը համարէ այս ամբաստանութիւնը, դատարան պիտի ներկայանայ Ապրիլ 6ին: