
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը Երեքշաբթի, Փետրուար 15ին հաղորդեց, թէ յաջորդական 7րդ ամիսն ըլլալով, ամերիկացիները, նախորդող ամսուան հետ բաղդատած՝ աւելի շատ գնումներ կատարած են, սակայն վաճառքներու արձանագրած 0.3 տոկոսի աճը մտահոգիչ նկատուեցաւ տնտեսագէտներու կողմէ:
Տնտեսագէտները դիտել կու տան, որ Յունուար ամսուան աճը արձանագրուած է ոչ թէ անոր համար, որ աւելի մեծ քանակութեամբ ապրանք գնուած է, այլ որովհետեւ ուժանիւթի եւ ուտեստեղէնի գիները աճ արձանագրած են:
Միւս կողմէ, «Home Depot» ընկերութիւնը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ որոշած է գարնան 60,000 ժամանակաւոր աշխատաւորներ վարձել: Աթլանթա հաստատուած ընկերութիւնը ներկայիս աւելի քան 300,000 պաշտօնեայ ունի: