
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեանի հետ Փետրուար 15ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, նախարարը հաղորդեց, որ Հայաստանը կը շարունակէ բանակցիլ «Կազբրոմ» ընկերութեան հետ, կազի սակագինի փոփոխութեան շուրջ:
«Յոյս կայ, որ մինչեւ Փետրուարի վերջ բանակցութիւնները կ՛աւարտուեն, եւ կը յայտարարուի, թէ մեզ ի՛նչ է սպասում», ըսաւ ան եւ նշեց, որ բանակցութիւնները կ՛ընթանան շատ «բարեկամական եղանակ»ով:
Արմէն Մովսիսեան նաեւ յայտարարեց, թէ Հայաստան մտադիր է այս տարի սկսիլ կառուցումը Իրան-Հայաստան քարիւղի մթերքներ տեղափոխող խողովակաշարի հայաստանեան հատուածին, որ նախնական գնահատումով՝ պիտի ունենայ 365 քլմ. երկարութիւն եւ պիտի արժէ 160-180 միլիոն տոլար:
Նախարարին խօսքով, Իրանի հետ կնքուած է պայմանաւորուածութիւն մը, ըստ որուն, իւրաքանչիւր երկիր պիտի կառուցէ խողովակաշարի՝ ի՛ր տարածքէն անցնելիք հատուածը: Հայկական հատուածի կառուցման համար կը պահանջուի շուրջ 100 միլիոն տոլար:
Անդրադառնալով սոյն նախագիծին համար ներդրողներ ներգրաւելու խնդիրին՝ Արմէն Մովսիսեան յայտնեց, որ «նման տնտեսական մեծ «էֆեքթիւ»ութիւն (ազդեցութիւն) ունեցող ծրագիրի մը համար» ներդրողներ շատ կը գտնուին, եւ չի բացառուիր, որ նաեւ օգտագործուին պետական միջոցներ:
Նախարարութեան տուեալներով, Հայաստանի մէջ քարիւղի մթերքի տարեկան պահանջարկը շուրջ 400 հազար թոն է:
Արմէն Մովսիսեանի հաւաստումով, խողովակաշարի թողունակութիւնը լիովին բաւարար է ե՛ւ քարիւղի մթերքի երկրի այսօրուան պահանջարկի, ե՛ւ յառաջիկայ 25 տարիներուն ուժանիւթի պահանջարկի ապահովման համար:
Խողովակաշարը, ըստ նախարարին, հնարաւորութիւն պիտի տայ քարիւղի մթերքներ բերելու ո՛չ միայն Իրանի զտարանէն, այլեւ՝ Պարսից ծոցէն: «Այստեղից կարելի է ցանկացած որակի, ցանկացած քանակի նաւթամթերքներ ձեռք բերել՝ օգտուելով Պարսից ծոցի գներից, որոնք սովորաբար Միջերկրական ծովի գներից որոշակի տարբերութիւն ունեն, եւ տեղափոխման հարցերը լուծել աւելի էժան տարբերակով, քան երկաթուղին է: Սա հնարաւորութիւն կը տայ նաւթամթերքների տեղափոխումը դէպի Հայաստան աւելի կայունացնելու», նշեց Արմէն Մովսիսեան: