
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2012 տարեշրջանի որոշ կրճատումներով յատկանշուած ամավարկին մէջ, նախագահ Պարաք Օպամա առաջարկած է 40 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանի, սակայն շարունակած է Ատրպէյճանին Հայաստանէն աւելի ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելու ընթացքը՝ խախտելով ռազմական օժանդակութեանց մէջ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու սկզբունքը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան մտահոգութիւն կը յայտնէ, թէ հակառակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման ստեղծած տնտեսական դժուար պայմաններուն, Օպամա մերժած է Հայաստանի յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու առաջարկը: Համբարեան աւելի մտահոգիչ կը նկատէ այն իրողութիւնը, որ Օպամա նաեւ որոշած է խախտել ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը, ինչ որ կրնայ վնաս հասցնել Արցախի տագնապը խաղաղօրէն լուծելու ջանքերուն: Համբարեան նաեւ ցաւ յայտնած է, որ Օպամա բաւարար քայլերու չէ դիմած Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրը զարգացնելու նպատակով:
Յայտնենք, թէ Ատրպէյճանի համար 16.6 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն կ՛առաջարկուի, իսկ անոր ռազմական օժանդակութիւնները կը հասնին 3.9 միլիոնի, մինչ Հայաստանի պարագային, ռազմական օժանդակութիւններու գումարը 3.45 միլիոն է:
Վրաստանի համար կ՛առաջարկուի 66.7 միլիոն տոլարի տնտեսական ու 16 միլիոն տոլարի ռազմական օժանդակութիւն:
Ամավարկին մէջ փոփոխութիւններ ապահովելու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ կապ հաստատեն իրենց քոնկրեսականներուն հետ՝ այցելելով www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=26912531 համացանցային կայքէջը: