
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 16ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ձեռնարկին ելոյթ պիտի ունենայ ջութակահար Մերի Հայկ՝ նուագելով հայկական եւ գնջու մեղեդիներ: Ձեռնարկի ընկերային պահը պիտի սկսի կ.ա. ժամը 11:30ին, իսկ ճաշկերոյթը՝ կէսօրին:
Մերի Հայկ ամերիկեան եւ եւրոպական շարք մը նուագախումբերու մէջ նուագած է: Դասական երաժշտութեան կողքին, Մարի Հայկի ջութակը կարելի է լսել նաեւ Հենրի Մանչինիի, Սթիւի Ուանտըրի եւ Լայնըլ Ռիչիի նման արուեստագէտներու գործերուն, ինչպէս նաեւ շարժապատկերներու երաժշտութեանց մէջ: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (626) 449-1523 կամ (626) 446-1796 թիւին: