ՄՈՒԹԼՈՒ ԹԷՕՆՊԵՔԻՃԻ
Կարսի քաղաքապետական խորհուրդը վերջապէս որոշում ընդունեց։ Յուշարձանը պիտի քանդուի։ Իմ կարծիքով, լաւ կ՛ըլլայ, որ քանդուի, ո՛չ թէ անոր համար, որ ան «ուճուպէ»ի (հրէշ-Խմբ.) կը նմանի կամ ստուեր կը ձգէ արուեստի այլ գործերու վրայ, այլ անոր համար, որ այդ յուշարձանը կը յաւակնի ըլլալ մարդկութեան յուշարձան։
Քանդակագործը ըսած է, թէ այս յուշարձանը կ՛ուզէ դառնալ մարդկութեան խղճմտանքը, այդ խղճմտանքին արցունքը, եւ կ՛ուզէ մարդկութիւնը մարդկութեան հրաւիրել։ Ինչո՞ւ ունենանք յուշարձան մը, որ վերիններուն նման բաներու խորհրդանշանը պիտի դառնայ։ Դուն դիմացիններուն սահմանը չես բացած, դիմացիններուն նկատմամբ սիրտդ չես բացած, դիմացինին սպասած ձեւով բարեացակամութեան քայլ մը չես ունեցած, դիմացի կողմին հետ պատմութեան հաշիւը չես տեսած, հաշիւ ընել ուզողին ալ խերը անիծած ես, հարիւր տարիէ ի վեր ձեռքէդ եկածը ըրած ես, որպէսզի դիմացիններուն մօրաքոյրները, հօրեղբայրները, զարմիկները եւ այլն, իրենց ծննդավայր հողերը ձգեն ու երթան. զարկած ես, կոտրած, նուաստացուցած ես, դուն քու հարուստներդ ստեղծելու համար անոնց հարստութեանց վրայ ձեռք դրած ես. հակառակ անոր, որ հիմա նոր հանրապետութիւն մը հիմնած ես, տարիներ առաջ գործուած ոճիրները պաշտպանած ես. չես գիտեր ինչու, դիմացի կողմը այս հողերուն վրայ որքա՛ն եկեղեցի ունի՝ 1950էն սկսեալ բոլորն ալ կարգաւ պայթեցուցած ու գետինին հաւասարացուցած ես, պատմական «Անի» քաղաքը «Անը»ի վերածած ես, ցուցատախտակին վրայ որեւէ տեղ հայ բառը չես գործածեր, հայերէն լեզուն ալ «անյայտ լեզու» հռչակած ես, դիմացի կողմէն մեր հողերուն վրայ ծնած, մեծցած զաւակները փողոցին մէջտեղը օր ցերեկով սպաննած են, եւ դուն քու մատը ունեցած ես այդ ոճիրին մէջ. ոճրագործը թրքական դրօշակներու առջեւ լուսանկարած ես, ու 4 տարուան մէջ 4 սանթիմ իսկ չես յառաջացուցած դատավարութիւնը:
Ուրեմն, մենք հիմա ինչո՞ւ յուշարձան կը շինենք։ Խե՞նդ ենք մենք։ Ի՞նչ կը նշանակէ երկուքի բաժնուած մարդը։ Ի՞նչ կը նշանակէ մարդիկը երկուքի բաժնել եւ զանոնք իրարու թշնամի դարձնել։ Ի՞նչ կը նշանակէ բարեկամական ձեռք երկարել։ Ի՞նչ կը նշանակէ դիմացինը մարդկութեան հրաւիրել. մենք մարդկութի՞ւն ունինք, որ ուրիշները հոն հրաւիրենք. ասիկա որքա՜ն անիմաստ պնդում մը կ՛ըլլայ։ Յուշարձանը պէտք է իսկապէս քանդուի։ Ես ասկէ աւելի անիմաստ յուշարձան մը չեմ կրնար երեւակայել։
Փետրուար 2, 2011
Մութլու Թէօնպեքիճի «Վաթան» թերթի քրոնիկագիր է