
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի քաղաքապետարանը Փետրուար 2ին քննարկած է Ազատութեան հրապարակին վրայ Փետրուար 18ին հանրահաւաք իրականացնելու մասին Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) ներկայացուցած իրազեկումը, որ ունեցած է շատ բուռն ընթացք:
Քաղաքապետի լիազօր ներկայացուցիչ Գագիկ Բաղդասարեան յայտնած է, որ Փետրուար 15էն մինչեւ Մարտ 10, Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կայանան մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ, որոնք կրնան հիմք հանդիսանալ ՀԱԿի իրազեկումը ի գիտութիւն չընդունելու հարցին: Իր կարգին, ՀԱԿ ներկայացուցիչ Տիգրան Առաքելեան նշած է, որ Փետրուար 18ին Ազատութեան հրապարակը այլ ձեռնարկի համար տրամադրելու որոշումը պարզապէս կայացուած է օրէնքի խախտումով, քանի որ տուեալ դիմումը ներկայացուած է օրէնքով նախատեսուած ժամկէտէն առաջ:
Սոյն հանդիպման աւարտին, քաղաքապետի ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ ՀԱԿի զանգուածային հաւաքը իրականացնելու դիմումը հաստատուած է քաղաքապետարանին կողմէ, որ, սակայն, իբրեւ հանրահաւաքի վայր առաջարկած է Մատենադարանի մօտիկ տարածքը: